Հայաստանի Մէջ Գործելու Ցանկութիւն Յայտնած է Սփիւռքի Աւելի Քան 80 «Սթարթափ»


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Սփիւռքի «ՆերՈւժ» սթարթափ ծրագիրի դիմումներու աւարտին՝ ծրագրին դիմած են աւելի քան 80 «Սթարթափ» աշխարհի տարբեր ծայրերէն՝ Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Չինաստանէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Էսթոնիայէն, Չեխիայէն, Իրլանտայէն, Հարաւային Քորէայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Եգիպտոսէն։

Յաջորդ փուլով դիմումները պիտի ուսումնասիրուին, հարցազրոյցներ պիտի ըլլան, ընտրութեան փուլեր տեղի պիտի ունենան, յաղթածները պիտի հրաւիրուին Հայաստան՝ Դեկտեմբեր 16-20-ին Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ մասնակցելու քառօրեայ հաւաքին՝ ծանօթանալու Հայաստանի «Սթարթափ» համակարգին եւ Հայաստանի մէջ գործարարութեամբ զբաղելու առաւելութիւններուն, լսելու ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները, համագործակցելու տեղացի գործընկերներու հետ եւ զարգացնելու իրենց գաղափարները: Աւարտին յաղթող խումբերը պիտի ստանան 15-30 հազար տոլարի համարժէք դրամաշնորհներ, ինչպես նաեւ Հայաստանի մէջ իրենց «Սթարթափ»ը հիմնելու համար ձեռնարկատիրական ամբողջական աջակցութիւն: