Հայաստանի Մէջ Ընտրակաշառք Տալը Կամ Առնելը Օրէնքով Պիտի Պատժուի


Հայաստանի կառավարութիւնը Օգոստոս 30ին հաւանութեան տուաւ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծին, որուն համաձայն` Հայաստանի մէջ ընտրակաշառք տալը կամ առնելը պիտի քրէականացուի:

«Այս փաթեթի ընդունմամբ կ՛առաջարկուի խստացնել պատասխանատուութիւնը ընտրակաշառքի համար եւ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքէն զայն տեղափոխել Քրէական օրէնսգիրք` նախատեսելով ատոր համար ոչ միայն տուգանքի ձեւով պատիժ, այլեւ որոշ ժամկէտով ազատազրկում», ըսած է Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զեյնալեան` աւելցնելով, որ բացառութիւն կը կազմէ նախընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս կուսակցութեան կամ դաշինքի խորհրդանիշներով, խելամիտ արժէքի սահմաններուն մէջ քարոզչական նիւթերու տրամադրումը:

 Փաթեթով կ՛առաջարկուի ընտրողի կողմէ դիտաւորութեամբ քուէարկութեան գաղտնիութեան խախտումը դասել Քրէական օրէնսգիրքի յատուկ մասով արգիլուած արարքներու շարքին` որպէս ոչ ծանր յանցագործութիւն:

Կ՛առաջարկուի նաեւ ապաքրէականացնել այլ անձի փոխարէն քուէարկելու վերաբերեալ անփութութեամբ սուտ յայտարարութիւն ընելը, իսկ դիտաւորութեամբ կատարուած նոյն արարքի հիմնական պատիժի չափը սահմանել այնքան, որքան օրէնսդիրը զայն սահմանած է սուտ մատնութեան համար:

Այս փոփոխութիւններու արդիւնքով օրէնսդիրը կ՛ակնկալէ աւելցնել ընտրական տեղամասերու մէջ կարգուկանոնը, օրինականութեան մթնոլորտը:

 «Փոփոխութիւններու փաթեթը հնարաւորութիւն պիտի տայ էականօրէն աւելցնել ընտրութիւններու նկատմամբ հանրային վստահութիւնը եւ արմատապէս նուազեցնել ընտրութիւններու ժամանակ յանցագործութիւններու ու յանցանք գործելու փորձերու թիւը` ընտրութիւններով սահմանադրական կարգի ձեւաւորումը էապէս մօտեցնել ժողովրդավարութեան չափանիշներուն», ըսուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ: