Հայաստանի Մէջ Մէկ Ամիսով Արտակարգ Դրութիւն Կը Յայտարարուի


Հայաստանի կառավարութիւնը կը գումարէ արտահերթ նիստ, որուն ընթացքին Թագաժահրի տարածումը կանխելու նպատակով իտի որոշուի մէկ ամիսով արջակարգ դրութիւն յայտարարել ամբողջ երկրի տարածքին։ Կառավարութիւնը մէկ ժամով ընդմիջեց նիստը, ճշդելու համար արտակարդ դրութեան կէտերը։ 

Որոշման նախագիծին մէջ կը նշուի, որ Մարտ 16-ին` ժամը 18:30-էն մինչեւ Ապրիլ 14` ժամը 17:00-ը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտարարել արտակարգ դրութիւն: