Հայաստանի Մէջ Չարորակ Հիւանդութիւններու Վիրահատական Բուժումը Պիտի Ըլլայ Անվճար


ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան

ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Յունուար 23ին յայտարարեց, որ չարորակ հիւանդութիւններու վիրահատական բուժման համար քաղաքացիները այսուհետեւ գումար պիտի չվճարեն: Նման վիրահատութիւններու համար շարք մը հիւանդանոցներուն մէջ պետութիւնը գումարը պիտի վճարէ ամբողջութեամբ: 

 «Մենք այս տարի ունինք մօտ 700 միլիոն դրամի աճ  ուռուցքաբանական ծառայութիւններու համար, ատիկա աւելցած է անցեալ տարուան 1.1 միլիառ դրամին վրայ: Մենք քննարկումներէ ետք եկանք այն եզրակացթեան, որ պէտք է մեղմացնենք քաղաքացիներուն վրայ եղած բեռը: Առաջ պետութիւնը ուռուցքաբանական վիրահատութեան համար կը վճարէր գումարին շատ քիչ մասը: Եւ տրամաբանական չէր ատիկա կոչել պետպատուէր: Որոշուած է, որ այդ գումարի մեծ մասը  պիտի ծախսուի համավճարը հանելու համար: Հիմա, եթէ կարիք ըլլայ ուռուցքաբանական վիրահատութեան այն բժշկական կեդրոններուն մէջ, որոնք կ’ունենան պետպատուէր, ապա վիրահատութեան համար քաղաքացին գումար պիտի չվճարէ», ըսաւ Թորոսեան:

Ան շեշտեց, որ պետութիւնը գումարը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցէ ու շուկայական գիներով: Նախարարը  կարեւոր համարեց նաեւ շուկայական գինով գումարի փոխանցումը:

Նախարարը նաեւ  յիշեցուց, որ մինչեւ 7 տարեկան երեխաներու բուժումը անվճար է եւ յաւելեալ գումար պէտք չէ գանձուի որեւէ հիւանդանոցի կողմէ: 

Թորոսեանի խօսքերով, պէտք է նաեւ հասկնալ, որ այդ ապօրինի վճարումներու գանձումը ոչ միայն բուժօգնութեան հետ կապուած խնդիր է, այլ նաեւ` հարկային վարչարարութեան, քանի որ ապօրինի եկամուտ է եւ կրնայ դիտուիլ որպէս շորթում. «Նման արձագանգներ քննելու համար մենք կը դիմենք իրաւապահ մարմիններուն: Մենք նաեւ կ՛աշատինք հիւանդանոցի տնօրէններու հետ, որ բացառեն այդ երեւոյթը”։