Հայաստանի Մէջ Պիտի Կառուցուի Միջազգային Ամենաբարձր Չափանիշներուն Համապատասխան Բժշկական Կեդրոն


ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսեն Թորոսեան ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող Պայնոնա ընկերութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Մուրատեանը։

Թորոսեան եւ Մուրատեան քննարկած են Հայաստանի մէջ միջազգային ամենաբարձր չափանիշներուն համապատասխան բժշկական նոր կեդրոն կառուցելու նախագիծը։ Բժշկական կեդրոնը պիտի մատուցէ ծննդօգնութեան եւ կանանց առողջութեան ծառայութիւններ, Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Արսեն Թորոսեան եւ տեղադրած բժշկական կեդրոնին գծանկարը։

ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսեն Թորոսեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող Պայնոնա ընկերութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Մուրատեան։