Հայաստանի Մէջ 400 Mwh Հզօրութեամբ Արեւային Ելեկտրակայաններ Պիտի Կառուցուին


Նոյեմբեր 30-ին Ապու Տապիի մէջ Masdarի գործադիր տնօրէն Մուհամատ Ջամիլ Ալ Ռամահին եւ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի տնօրէն Դաւիթ Փափազեան կը ստորագրեն համատեղ զարգացման համաձայնագիրը:

 

“Արմենփրես”,- Աշխարհի մէջ վերականգնուող ուժանիւթի յայտնի Masdar ընկերութիւնը եւ «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտ»ը (ԱՆԻՖ) ստորագրած են Հայաստանի մէջ 400 megawatt  (Mwh) հզօրութեամբ արեւային ուժանիթի նախագիծեր մշակելու մասին պաշտօնական համաձայնագիր: Այս համագործակցութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ կ՛ենթադրուի 300-320 միլիոն տոլարի ներդրումներ:

Նոյեմբեր 30-ին Ապու Տապիի մէջ Masdarի գործադիր տնօրէն Մուհամատ Ջամիլ Ալ Ռամահին եւ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի տնօրէն Դաւիթ Փափազեան ստորագրեցին համատեղ զարգացման համաձայնագիրը: Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ուժանիւթի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Սուհայիլ Ալ Մազրուէին եւ Mubadala Investment Company գործադիր տնօրէն Խալտուն Ալ Մուպարաքը:

Նշեալ համաձայնագիրին առաջին նախագիծը Հայաստանի արեւմուտքը 200 Mwh  հզօրութեամբ հսկայ արեւային ելեկտրակայաններու կառուցումն է։

Հայաստանը մինչեւ 2025 թուականը իր ելեկտրականութեան  30 տոկոսը վերականգնուող աղբիւրներէ ստանալու յանձնառութիւն ունի, եւ ներուժ ունի արտադրելու մինչեւ 1000 Mwh արեւային ելեկտրականութիւն: Այսօր Հայաստան ունի ուժանիւթի շուրջ 2,800 Mwh դրուածքային հզօրութիւն, որ հաւասարաչափ բաշխուած է միջուկային, ջրային եւ ներմուծուող բնական կազէն ստացուող ջերմային ուժանիւթի արտադրութեան միջեւ: 

Հայաստանը իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրի դիմաց կը ստանայ մօտ 1,720 kW ժամ արեւային ելեկտրականսւթիւն` համեմատած Եւրոպային, ուր մէկ քառակուսի մեթրի համար կը ստանայ ժամը միջինը 1000 kW: Հայաստանի 200-էն աւելի գետերէն եւ լիճերէն շատերը նոյնպէս յարմար են լողացող արեւային ելեկտրականութեան նախագիծերու համար:

Հայաստան 2010-էն ի վեր, հանդիսանալով «Վերականգնուող ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան» լիիրաւ անդամ, յանձնառութիւն ունի իր ուժանիւթի  ներքին կարիքներուն աւելի քան մէկ քառորդը արտադրել վերականգնուող աղբիւրներէ։