Հայաստանի Պետական Այրերը Ծիծեռնակաբերդի Բարձունքին Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին


Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան,  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․, ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, , ՀՀ ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան եւ կառավարութեան անդամներ։ ՀՀ նախագահին, վարչապետին եւ ԱԺ նախագահին կ՛ուղեկցէին անոնց կիները:

Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:

 Անմար կրակին մօտ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, հաւաքուածները գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զահուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը:

Ապրիլ 24-ին յիշատակի արարողութիւններ կը կատարուին Հայաստանի բոլոր շրջաններուն, Արցախի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ: Բողոքի կոչ կը բարձրացնեն Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան դէմ եւ ուղերձ կը յղեն միջազգային հանրութեան` ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճրագործութիւնը` ատով թոյլ չտալով ցեղասպանութիւններու կրկնութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ կը մատուցուի հոգեհանգստեան պատարագ: