Հայաստանի Պետական Պարտքը 2019ին Պիտի Ըլլայ 7.5 Միլիառ Տոլար


«Ազատութիւն».- Հայաստանի իշխանութիւնները մտադիր են 2019ին աւելցնել երկրի պետական պարտքը։ Ըստ ելեւմուտքի նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչի մը՝ գալ տարուան վերջերուն Հայաստանի քաղաքացիները կ՛ունենան շուրջ 7.5 միլիառ տոլարի պետական պարտք:

Պետական պարտքի կառավարման վարչութեան պետ Արշալոյս Մարգարեան յայտնեց, որ այդ թիւը իր մէջ կը ներառէ Հայաստանի կառավարութեան ու Կեդրոնական դրամատան արտաքին եւ ներքին պարտքերը:

«Եթէ տեղի ունենան բոլոր այն ենթադրութիւնները, զորս մենք կատարած ենք, պետական պարտքը 2019 թուականի վերջին պիտի կազմի մօտաւորապէս 7.5 միլիառ տոլար, որմէ 6.913-ը կառավարութեան պարտքն է», ըսաւ Մարգարեան:

Ելեւմուտքի նախարարութեան հրապարակած վերջին տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան 30 Նոյեմբերի դրութեամբ՝ Հայաստանի պետական պարտքը եղած է 6 միլիառ 765 միլիոն 500 հազար տոլար:

Համեմատութեան համար նշենք, որ 2008-ի վերջաւորութեան, այսինքն Սերժ Սարգսեանի նախագահ ընտրուած տարին, Հայաստանի պետական պարտքը կը կազմէր 1.9 միլիառ տոլար: Այս տարուան Ապրիլի վերջաւորութեան, պարտքը հասած էր 6 միլիառ 867 միլիոն տոլարի:

Մարգարեան նշեց, որ «2019ի փոխառութիւններու տարեկան ծրագիր»ին համաձայն՝ միայն կառավարութիւնը մտադիր է գալ տարի առնել շուրջ 490 միլիոն տոլարի պարտք եւ նոյն ատեն մտադիր է մարել 175 միլիոն տոլարի պարտք:

Ըստ անոր՝ պետական պարտքին գծով՝ 2020ին Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է վճարեն շուրջ 800 միլիոն տոլար, նաեւ շուրջ 730 միլիոն տոլար՝ 2025ին: