Հայաստանի Քաղաքական եւ Հոգեւոր Բարձրաստիճան Այրերը Անկախութեան Տօնին Առիթով Այցելեցին «Եռաբլուր» Պանթէոն


Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27րդ տարեդարձի առիթով այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

«Եռաբլուր» էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․, Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, նախարարներ եւ այլ բարձրաստիճան պատօնեաներ:

Անոնք ծաղիկներ դրին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ` հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներոը  յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հնչեց աղօթք: