Հայաստանի Օրկանական Մեղրը Կը Վաճառուի Չինաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Շուկաներու Մէջ


Հայաստանի տարածքին օրկանական գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղին 86 արտադրողներ:

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեան յայտնած է, որ արտադրողներուն թիւը կարելի եղած է կրկնապատկել Եւրոմիութեան եւ Աւստրիոյ Զարգացման Գործակալութեան ֆինանսաւորումով իրականացուող օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրին շնորհիւ:

«Բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կայ հայկական օրկանական ապրանքներու նկատմամբ, բայց արտահանման կազմակերպման հիմնական հարցը կապուած է արտադրական ծաւալներու ապահովման հետ», յայտնած փոխնախարարը` աւելցնելով, որ կենդանական ծագման օրկանական ապրանքներէն Հայաստան այսօր կ՛արտածէ մեղր եւ խեցգետին: Մեղրի արտածման աշխարհագրութիւնը լայն է` Եւրասիական միացեալ շուկայ,  գլխաւորաբար` Ռուսիա, Չինաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներ: