Հայաստանցի Գիտնականները Ուսումնասիրած են Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Հայերու Կրած Վնասներու Չափը


«Փանորամա»,- Վերջին տարիներուն հայաստանցի պատմաբանները, քաղաքական ու հասարակական շրջանակները աշխոյժ պայքար կը մղեն Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը դէպի իրաւաքաղաքական դաշտ տեղափոխելու ուղղութեամբ: Շատերը կը պնդեն՝ անցած է Ցեղասպանութեան ճանաչման փուլը, եկած է հատուցում պահանջելու ու պատճառուած հետեւանքները վերացնելու ժամանակը:

Ցեղասպանութեան հետեւանքներու, վնասներու, կրած կորուստներու մասին տարբեր թիւեր, տեսակէտներ կան: Ատոնք ի մի բերելու ու ամբողջական գնահատական տալու նպատակով Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ ստեղծուած է միջգիտական յանձնախումբ, ուր ներառուած են գիտնականներ ու մասնագէտներ պատմութեան, արեւելագիտութեան, արուեստի, երկրաբանութեան, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան,  բնագիտութեան եւ աստղագիտութեան հիմնարկներէն՝ Ռուբէն Մելքոնեան, Արմէն Մարուքեան, Պաւել Աւետիսեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արարատ Աղասեան, Դաւիթ Քերթմենջեան եւ այլք:

«Յանձնախումբը կրցած է հաւաքագրել մեր ունեցած կորուստները՝ սկսած տարածքայինէն մինչեւ եկեղեցիներ, մշակութային արժէքներ: Արուեստագէտները աշխատած են իրենց բնագաւառին մէջ, պատմաբանները՝ իրենց, նաեւ երկրաբաններ ու բնագէտներ կան խումբին մէջ: Վերջինները, օրինակ, հանքային հանածոներու մասով ահռելի գործ ըրած են: Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին հսկայական հանածոներ կան, որոնք անցած 100 եւ աւելի տարիներու ընթացքին շահագործուած են, անոնց շահոյթները հսկայական գումարներ կը կազմեն: Խումին մէջ ընդգրկուած բոլոր մասնագէտները իրենց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ հաւաքած են մեր ունեցած կորուստի հանրագումարը, եւ 600-700 էջնոց ծանրակշիռ աշխատութիւն մը յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին լոյս պիտի տեսնէ», ըսած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:

Գիտնականը կը կարծէ, որ աշխատութեան հրատարակումէն ետք գործնական քայլեր պիտի ըլլան հատուցման խնդիրը առաջ մղելու համար:

«Ժամանակին Լեւոն Վարդան անունով գործիչ կար: Ան սկսած էր գրել հայկական կորուստներու մասին, այսպէս կոչուած լքեալ գոյքի վերաբերեալ, երբ թուրքերը օրէնքներ գրած էին, որպէսզի պետականացնէին հայերէն յափշտակուած գոյքը: Հիմա մենք գիտական մակարդակով ատիկա կը դնենք ընթացքի մէջ, կը կարծեմ՝ պիտի գայ ժամանակը, որ պետական մարմինները պիտի սատարեն մեզի, եւ քաղաքական մակարդակով եւս այդ հարցը առաջ պիտի մղեն», մանրամասնած է գիտնականը:

Մինչեւ աշխատութեան հրատարակումը, «Փանորամա»ն խնդրեցած է որոշ տուեալներ հրապարակել: Մելքոնեան յիշեցուցած է, որ մինչեւ 1921 թուականը տարբեր թիւեր շրջանառուած են, խօսուած է 18 միլիոն ֆրանկի մասին, որ ըստ գիտնականի, այսօր քանի մը հարիւր միլիառ ամերիկեան տոլար կը կազմէ:

«Բայց այդ նախկին ու ներկայ հաշուարկները իրարու հետ համեմատելի չեն: Միայն կ՛ըսեմ հետեւեալը, մեր նիւթական կորուստները կազմած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան կրած վնասներուն կրկնակին, որոշ հաշուարկներու համաձայն, խօսքը առնուազն կէս թրիլիոն տոլարի մասին է: Սա ալ յարաբերական թիւ է, միայն շօշափելի նիւթական կորուստներու մասին է, ատոր մէջ ներառուած չեն հոգեւոր արժէքները՝ երաժշտութիւն, ձեռագիրներ, եկեղեցիներ, որոնք ֆինանսական առումով անկարելի է հաշուել: Ալ չեմ ըսեր ամենակարեւորը՝ հայրենիքը, որ գին, արժէք չունի», նշած Մելքոնեան:

Անոր խօսքով, աշխատութեան բաժիններէն մէկուն մէջ Արուեստի հիմնարկի ներկայացուցիչ Արարատ Աղասեան գրած է, թէ ինչ կորսնցուցած է Հայաստանը գեղանկարչութեան բնագաւառին մէջ, ինչպիսի նկարիչներ ունեցած ենք, անոնց բոլոր նկարները ոչնչացուած են:

«Միայն Եղեռնի ժամանակ մօտ 30 հազար ձեռագիր կորսնցուցած ենք: Համեմատութեան համար նշեմ, որ այսօր Մատենադարանին մէջ կը պահուի մօտ 20 հազար ձեռագիր, աշխարհի մէջ ունինք 30-35 հազար ձեռագիր», հաշուած վնասները ներկայացուցած է ան:

Աշխատութիւնը պիտի տրամադրուի նաեւ իրաւաբաններուն, որպէսզի անոնք կորուստներու մասին հաւաքուած փաստական տուեալները վերածեն իրաւական նիւթի՝ Հաագայի միջազգային դատարան մտնելու համար:

Գիտնականներու ուսումնասիրութիւններուն համար հիմք հանդիսացած են քանի մը տասնեակ երկիրներու, նաեւ Հայաստանի արխիւային նիւթերը, քարտէսները: