Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յունուարէն Մարտ 6.8 Միլիոն Տոլարի Նպաստ Հայթայթած Է Հայաստանին Ու Արցախին


2018ի առաջին եռամսեակին, Հայաստան-Արցախ ֆոնտը աւելի քան 6.8 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին:

Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան-Արցախ ֆոնտը 6.7 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է AmeriCares կազմակերպութենէն ($4 միլիոն), ներառեալ TOMS Shoes կօշիկի ընկերութեան կողմէ նուիրուած կտաւեայ (canvas) կօշիկներ, ինչպէս նաեւ MAP International-էն ($1.7 միլիոն), Direct Relief International-էն ($747,000), եւ Fawn Grove Compassion Center-էն ($119,000):

Մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Agape Projectը ($83,000) եւ Պրն. Սերգէյ Սարգիսովը ($15,500):

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան, Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան, ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիրի Մանուկներու Միացեալ Հիմնարկին, Մուրացան Երեխաներու Ներզատաբանութեան (Endocrinology) Կեդրոնին, Ուռուցքաբանութեան Ազգային Կեդրոնին, եւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին:

Անցեալ 29 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 783 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,392 ծովային արկղերով:

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»:

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ‘ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ‘ sassoun@pacbell.net: