«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Արցախի եւ Հայաստանի Մէջ Հաշուետու Այցեր Կը Կատարէ


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը` կազմուած Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէ, բարերարներէ, աշխատակիցներէ, գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, Մայիս 20ին մեկնեցաւ Արցախ` ծանօթանալու հաշուետու տարուան ընթացքին աւարտած եւ ընթացիկ ծրագիրներուն: Շուրջ 45 հոգիէ կազմուած խումբը Արցախ ուղեւորուեցաւ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիով, որուն վերակառուցումը պիտի աւարտի այս աշնան:

Այցելութեան առաջին օրը՝ Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը հանդիսաւորութեամբ բացաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհին յարող Կոճողոտ համայնքի (Մարտակերտի շրջան) նորակառոյց համայնքային կեդրոնը, որուն կառուցումը հովանաւորած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիւթական համատեղ աջակցութեամբ: Արդէն իսկ կահաւորուած կեդրոնին մէջ այսուհետեւ պիտի գործեն գիւղապետարանը, բժշկական կեդրոնը, գրադարանը, խաղասենեակը եւ հանդիսութիւններու սրահը իր խոհանոցով: Սրահին մէջ տեղադրուած բեմը հնարաւորութիւն պիտի տայ տարաբնոյթ ձեռնարկներ իրականացնելու: Ֆրանսահայութեան  հանգանակութիւններով՝ վերջին տարիներուն նման կեդրոններ կեանքի կոչուած են Արցախի տասներկու համայնքներու մէջ` առաւել յարմարաւէտ ու յագեցած դարձնելով ընդհանուր 7700 բնակիչի առօրեան:

Մայիս 21ին, պատուիրակութիւնը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ բացաւ եւս երկու համայնքային կեդրոն Արցախի Քիւրաթաղի (Հադրութի շրջան) եւ Սարգսաշէնի (Մարտունիի շրջան) մէջ: Ժամանակակից յարմարութիւններով համալրուած այս նորակառոյցները նոյնպէս ֆրանսահայերու նուէրն են արցախցի մեր հայրենակիցներուն:

Մայիս 22ին, Հիմնադրամի պատուիրակութիւնը եղաւ Ստեփանակերտի թիւ 9 դպրոց, որուն վերակառուցումն ու արդիականացումը կը հովանաւորէ Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի հովանաւոր Ճերըլտ Թրփանճեան, որուն միջոցներով Արցախի մէջ կ՝իրականացուին նաեւ այլ ենթակառուցուածքային ծրագիրներ: Ասիկա Ստեփանակերտի միակ դպրոցն է, որ հանրակրթականին զուգահեռ յատուկ կրթութիւն կ՝ապահովէ նախադպրոցական, ներառական եւ խօսքի ու լսողական խանգարումներ ունեցող աշակերտներու համար: Դպրոցը ունի 395 աշակերտ։

Պատուիրակութիւն այցելեց նաեւ Ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ բացուած նորակառոյց ժամանակակից ուռուցքաբանական կեդրոն, որ կեանքի կոչուած է ֆրանսահայ Ռիշար Օհաննէսեանի հովանաւորութեամբ (Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան  համատեղ նիւթական աջակցութեամբ):

Շուշիի մէջ պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի երկրորդ մասնաշէնքի (մեծ դահլիճի) բացման արարողութեան: Անիկա վերակառուցուած է Արցախի կառավարութեան միջոցներով եւ Հիմնադրամին վերահսկողութեամբ: Նոր մասնաշէնքը, ուր տեղակայուած է 368 տեղ ունեցող դահլիճը, հանդերձարաններ եւ օժանդակ սենեակներ, նախատեսուած է թատերական ներկայացումներու եւ բազմաբնոյթ այլ ձեռնարկներու համար: Այսուհետեւ, իր գործունէութիւնը այստեղ պիտի ծաւալէ նաեւ Խանդամիրեանի պետական թատրոնը: Կեդրոնի առաջին մասնաշէնքին մէջ, որ 2012ին վերակառուցուած է Հիմնադրամին կողմէ, Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, կը գործեն արուեստի տարբեր խմբակներ, ինչպէս նաեւ գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի անուան տիկնիկային թատրոնը:

Այնուհետեւ, պատուիրակութիւնը այցելեց Քրասնիի մէջ Յարութիւնեաններու բազմանդամ ընտանիքին, որոնք արդէն մէկ տարիէ Հիմնադրամին հովանաւորութեամբ կառուցուած առանձնատան տէրերն են: Երրորդ տարին ըլլալով՝ հաւաքուած գումարներով եւ նպատակային յատկացումներով՝ Հիմնադրամը առանձնատուներ կը կառուցէ արցախաբնակ հինգ եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն համար: Ներկայիս 16 տուն արդէն յանձնուած է բազմանդամ ընտանիքներու, 15ը կառուցման փուլի մէջ է: Կառուցած առանձնատուները ամբողջութեամբ կահաւորուած են եւ ունին կենցաղային բոլոր յարմարութիւնները: