«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Նշէ Իր 25ամեակը


Մարտ 3ին կը լրանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ստեղծման 25ամեակը: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին Նախագահին` 1992 Մարտ 3ի հրամանագիրով՝ ստեղծուեցաւ կառոյց մը, որ ունէր համազգային կարեւորագոյն առաքելութիւն ու ստացաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ անունը:

1992 Մայիս 16ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 24 անդամէ բաղկացած Հոգաբարձուներու Խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ. «Աղէտաբեր երկրաշարժ, բազմահազար անօթեւան բռնագաղթուածներ, արցախահայութեան տագնապալի կացութիւն, քայքայուած տնտեսութիւն․․․ եւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններ յաղթահարելի են միայն ազգի բոլոր անդամներու ուժերու եւ հնարաւորութիւններու համախումբ գործադրման, միասնական ու միաբան գործելու պարագային: Հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու բարգաւաճման գլխաւոր նախապայմանի` մեր ազգային պետականութեան հաստատման, Մայր Հայրենիքի տնտեսական, գիտական, կրթական, հոգեւոր ու մշակութային զարգացման խնդիրներու լուծման մասնաբաժին ու աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալը իւրաքանչիւր հայու համար պէտք է մեծագոյն պատիւ եւ պարտք դառնայ:

«Այսօր, իր գոյութեան 25րդ տարին, Հիմադրամը ունի աշխարհասփիւռ յանձնախումբեր, ազգանուէր առաքելութիւնը ստանձնած նուիրեալներ ու կամաւորներ, բարերարներ ու նուիրատուներ: Աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան զօրաւոր միասնութեան արդիւնքով՝ այս տարիներուն ծնունդ առած են ճանապարհ, հիւանդանոց, դպրոց ու մանկապարտէզ, ջրատար, կազատար, արուեստի, գիտութեան, մշակոյթի վերելքը խթանող նախաձեռնութիւններ: Իւրաքանչիւր իրագործած ծրագիրով մենք ուղերձ կը յղենք միջազգային հանրութեան, որ, ի հեճուկս իրարու յաջորդող մարտահրաւէրներու, ունինք անկախ պետականութիւն եւ ամէն գնով պէտք է պահպանենք ու ամրապնդենք մեր յաղթանակը»: