«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Հեղինակութիւնը Վերականգնելու Համար Կ՝օգտագործուին Բոլոր Հնարաւորութիւնները. Բակօ Սահակեան


“Մենք այս պահուն խնդիր ունինք վերականգնելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեղինակութիւնը, եւ այդ ուղղութեամբ  աշխատանքներ կ՝իրականացուին”, Սեպտեմբեր 26ին, Ազգային ժողովի մէջ կայացած օրէնսդիր-գործադիր հարցուպատասխանի ժամանակ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան՝ աւելցնելով, որ, ինք՝ օգտագործելով իւրաքանչիւր առիթ, ՀՀ նախագահին եւ վարչապետին հետ քննարկումներու ժամանակ կ՝անդրադառնայ հիմնադրամին առնչուող հարցերուն:

«Հիմնադրամի ժամանակաւոր տնօրինութիւնը ստանձնած էր Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան, եւ այդ ընթացքին մենք ունեցած ենք քանի մը հանդիպում: Հեռախօսազրոյց ունեցած եմ նաեւ հոգաբարձուներու խորհուրդի շարք մը անդամներու հետ, բազմաթիւ քննարկումներ՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու հետ, եւ այդ քննարկումներուն արդիւնքով՝ որոշուած է մրցոյթ կազմակերպել, որմէ ետք հիմնադրամի տնօրէն ընտրուած է Հայկակ Արշամեան:

“Հիմնադրամի միւս պատասխանատուներուն հետ ան կը պատրաստուի գալ Արցախ, որմէ ետք մենք համատեղ պիտի նախանշենք մեր յետագայ քայլերը», մանրամասնած է նախագահ Սահակեան: