«Հայաստան» Հիմնադրամը Պիտի Դարձնենք 21րդ Դարուն Յարիր Կազմակերպութիւն. Հայկակ Արշամեան


«Դեռ որոշուած չէ, թէ ինչ խորագիրով պիտի իրականացուի «Հեռուստամարաթոն-2018»ը, սակայն այդ ուղղութեամբ քննարկումներ կ՝ընթանան: Այն ամէնուն, ինչին հասցուցած եմ ծանօթանալ, կը համարեմ դրական: Խրախուսելի է, որ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հիմնադրամին հետ կը համագործակցի տարբեր ոլորտներու մէջ, եւ այդ աջակցութիւնը հիմնադրամին համար շատ մեծ է», յայտնած է աշխատանքային այցով Ստեփանակերտ գտնուող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նորանշանակ գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

Ըստ գործադիր տնօրէնին՝ ոչ միայն յառաջիկայ թելեթոնին, այլ նաեւ, ընդհանրապէս, հիմնադրամի աշխատանքներուն նկատմամբ լաւատեսօրէն տրամադրուած է:

«Մէկ մեծ խնդիրը չի կրնար ազդել ամբողջ հիմնադրամի գործունէութեան վրայ, որ երկար տարիներու պատմութիւն ունի: Իմ աշխատանքով ես խնդիր ունիմ ո՛չ միայն հիմնադրամի հեղինակութիւնը  բարձրացնելու հետ, այլեւ պիտի փորձենք ամբողջ կազմով հիմնադրամը 21րդ դարուն յարիր լուրջ կազմակերպութեան վերածել», ըսած է Արշամեան:

Յիշեցնենք, որ օրերս նորանշանակ տնօրէնը հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։