«Հայաստան» Հիմնադրամի “Թելեթոն”ին Հանգանակուեցաւ 12,5 Միլիոն ԱՄՆ Տոլար


«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն”ին 2017»ին հաւաքուեցաւ 12 միլիոն 505 հազար 456 ԱՄՆ տոլար: 

“Թելեթոն”էն ստացուած գումարը պիտի ուղղուի երկու խոշոր ծրագրի. Արցախի մէջ խորքային հորերու հորատման ու նոր ոռոգման ցանցի կառուցման, ինչպէս նաեւ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրման առաջին փուլով Ասկերանի շրջանին եւ Շուշիի մէջ:

Ամէնամեծ նուիրատութիւն ընողները եղած են անանուն բարերարը Միացեալ Նահանգներէն` 2.5 միլիոն տոլար, երկրորդը ռուսաստանաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեանը`  2 միլիոն 250 հազար տոլար:

Նախորդ տարի «Իմ Արցախը» խորագրի ներքոյ տեղի ունեցած թելեթոնի ընթացքին հանգանակուած է 15.4 միլիոն ԱՄՆ տոլար: Անիկա ուղղուած է Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած ձեռնարկներուն, Արցախի բազմազաւակ ընտանիքիներու համար առանձնատուներու կառուցման:

Գործունէութեան 25 տարիներու ընթացքին Հիմնադրամը մօտ 700 հազար նուիրատուներու շնորհիւ աւելի քան 50 հազար ծրագիր իրականացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընդհանուր 350 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ: Կառուցուած, վերակառուցուած եւ իրականացուած են աւելի քան 605 քմ․ճանապարհ, 580 քմ․ ջրագիծ ու ջրատար, 149 քմ․ կազամուղ, 70 քմ․ ելեկտրագիծ, 359 դպրոց եւ մանկապարտէզ, 24 համայնքային կեդրոն, 500 տուն եւ բնակարան, 75 առողջապահական հաստատութիւն, 58 մշակութային ու մարզական կեդրոն, 100 ջերմոց, 169 կրթական, մշակութային ու գիտական ծրագիրներ: