Հայաստան «Նորարարական Նուաճում Արձանագրող» Երկիրներու Խումբին Մէջ է


ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեան մասնակցած է «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» կլոր սեղան­ քննարկման, որ կազմակերպուած էր Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան, INSEAD գործարարութեան դպրոցի եւ Քորնել համալսարանի կողմէ` Նիւ Եորքի մէջ:

Նորարարութեան ոլորտի առաջատար փորձագէտներու, ակադեմիական շրջանակներու, ՄԱԿ­ի անդամ­ երկիրներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած ձեռնարկին քննարկուած են նորարարութեան դերը` տնտեսական աճ եւ կայուն զարգացում խթանելու առումով, 2017ի վարկանիշաւորման արդիւնքներն ու մեթոտաբանութիւնը:

Հայաստանի օրինակով արձանագրուած է, որ նորարարութիւնը չի սահմանափակուիր տնտեսութեան ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար երկիրներով:

«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշաւորման համաձայն, Հայաստանը կ՝ընդգրկուի «Նորարարական նուաճում արձանագրող» երկիրներու խումբին մէջ, ուր ներկայացուած է 17 զարգացող երկիր` նորարարութեան արդիւնաւէտութեան եւ կատարողականի բարձր ցուցանիշներով: «Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ» զեկոյցը վարկանիշ կու տայ երկիրներու տնտեսութիւններու նորարարական ներուժին:

«Համաշխարհային նորարարութեան ցուցակ 2017» վարկանիշը կազմուած է 81 չափորոշիչներու հիման վրայ` 127 երկիրներու տնտեսութիւններու համար (աշխարհի բնակչութեան 92.5%­ը եւ համաշխարհային ՀՆԱ­ի /համախառն ներքին արդիւնք/ 97.6%­ը):