Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեամբ Հզօրացնել Մէկզմէկու


Տարօն Տէր-Խաչատուրեան


Անթիլիասի մէջ «Ազգային ընդհանուր ժողով»ի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց» նիստը, ուր Տարօն Տէր-Խաչատուրեան զեկուցեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նիւթին շուրջ` կեդրոնանալով մէկ կողմէ ինչպէ՞ս կարելի է մասնակցիլ Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրացման եւ միւս կողմէ` ինչպէ՞ս կարելի է այս գործակցութեամբ հզօրացնել սփիւռքը:

Սիրելինե՛ր, հայութեան դրուածքը այսօր, իր Հայաստան-Արցախ-սփիւռքով, իւրայատուկ է աշխարհի մէջ: Արդարեւ, չկա՛յ այլ ազգ մը, որ ունի աշխարհի չորս ծագերուն սփիւռք` Ցեղասպանութեան պատճառով, եւ չկայ ժողովուրդ մը, որու համրանքին 70%-ը գտնուի իր պապենական հայրենիքէն դուրս: Պարագան աւելի եւս կը բարդանայ, երբ աւելցնենք Հայաստանէն արտագաղթը, որուն պատճառով այսօր գրեթէ անկազմակերպ գաղութներ գոյութիւն ունին նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ, Եւրոպայի որոշ երկիրներու մէջ (ինչպէս` Սպանիա), իսկ այլ պարագաներու, նոր եւ հին սփիւռքը կը գոյակցին` առհասարակ իրարու հետ չշաղկապուելով, ինչպիսին է կացութիւնը մեծաւ մասամբ Քալիֆորնիոյ մէջ:

Այս մատնանշումները կ՛ընենք շեշտելու համար մեզ ուրիշներու փորձառութիւններէն զատորոշող պարագան, բան մը, որ բնականաբար կը դժուարացնէ լուծումներ որոնելու աշխատանքը, յատկապէս` յաջողած մոտելներէ օգտուելու հնարաւորութենէն զրկելով մեզ:

Ներկայի դրուածքով, եթէ Հայաստանը, սփիւռքը եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը դիտենք իբրեւ երեք հարթակներ, իրենց ձեռքբերումներուն առընթեր, երեքն ալ նախանձելի վիճակներու մէջ չեն: Այո՛, Հայաստանը անկախ է 26 տարիներէ ի վեր, այո՛, Արցախը հայութեան իշխանութեան տակ է, այո՛, կան հայրենիքի մէջ յառաջխաղացքներ, սակայն կը շարունակուին Հայաստանէն արտագաղթն ու ընկալուած փտածութիւնը, օլիկարգներու գործունէութիւնը, ընկերային անարդարութիւնները, Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման դէմ ցցուող պարագաները:

Դասական սփիւռքը, նոյնիսկ` իր Արեւելք-Արեւմուտք բացայայտ տարբերութիւններով, իր դպրոցով, եկեղեցիով, ակումբով, կուսակցութիւններով ու համայնքային կառոյցներով, իր Հայ դատի գործունէութեամբ եւ ցուցական պահանջատիրութեամբ գրած է հարուստ կենսագրութիւն: Սակայն օր ըստ օրէ կը շեշտաւորուին չորրորդ սերունդին մէջ արագընթաց ձուլումի, մաշումի պարագաները, անտարբերութիւնը, հայերէնի գործածութեան եւ արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու նահանջը, օտար դպրոց յաճախելը, խառն ամուսնութիւններն ու ազգային եւ մշակութային արժէքներու փոփոխութիւնն ու այլազանութիւնը:

Գալով երրորդ հարթակին` սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան, հո՛ս ալ բարեբախտաբար ունինք յառաջխաղացք: Մեր երեսնամեայ փորձը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանն ու Արցախը յուզող գերխնդիրներուն մէջ, երբ փոխադարձ վստահութիւն եւ միացեալ նպատակ գոյութիւն ունի, գործակցութիւնը մի՛շտ ալ ներկայ է: Այդ տեսանք Արցախի հարցի սկզբնաւորութեան ու ընթացքին 1988-1994 երկարող տարիներուն: Այդ տեսանք Սպիտակի երկրաշարժի օրերուն, քառօրեայ պատերազմին, սփիւռքահայերու որոշ ներդրումներով` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, տեսանք թէկուզ փոքրածաւալ հայրենադարձութեամբ, տեսանք ժողովրդավար եւ խորհրդարանական կարգերու հաստատման սփիւռքի զօրակցութեամբ, Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու խուռներամ մասնակցութեամբ, տեսանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, տեսանք  Հայաստանի երկարած ձեռքովը` սուրիահայութեան եւ բազմաթիւ այլ առիթներու ընդմէջէն:

Իրականութիւնը ա՛յն է սակայն, որ Հայաստանի անկախութենէն անմիջապէս ետք որոշակիօրէն արատաւոր ուած եւ ընկալուած տպաւորութիւններ կը շարունակեն արգելակել Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ամբողջական ներուժը: Այդ արատաւոր երեւոյթներէն հիմնականներն են հետեւեալները. որ` սփիւռքը գնայուն է եւ ոչ մնայուն, որ` սփիւռքեան պայմաններուն մէջ լեզուն պահելը անիմաստ է, որ` սփիւռքը պէտք չէ առնչուի Հայաստանի ներքին հարցերուն, որ` Հայաստան ներդրումներ ընելը ստոյգ կ՛առաջնորդէ նիւթական վնասի, որ` Հայաստանը զիջումներ ընելու է Արցախի գծով, այլապէս խաղաղութիւն կարելի չէ, որ` սփիւռքը սփիւռք չէ, այլ տարանջատուած սփիւռքներու խճանկար մըն է, որ` Հայաստանը քանի մը օլիկարգներու սեփականութիւնն է, որ` խորհրդային օրերէն իսկ սփիւռքը հակակշռելու միտում կայ, որ` հայաստանեան եւ սփիւռքեան մեր ենթամշակոյթները առհասարակ տարբեր են եւ չեն կրնար հաշտեցուիլ: Առհասարակ կայ տպաւորութիւն, որ սփիւռքը Հայաստանի հանդէպ վստահութեան պակասէ կը տառապի, իսկ Հայաստանը` սփիւռքի ներուժը իսկապէս արժեւորելու դժուարութենէն: Երկուքն ալ` վնասակար, եթէ նոյնիսկ` մասամբ իրաւացի:

Հակառակ անոր որ այս արատաւոր երեւոյթներուն եւ ընկալումներուն մէջ որոշ իրականութեան երանգներ կրնան ըլլալ, ժխտական երեւոյթներուն վրայ կեդրոնանալը, ապագան չծրագրելն ու չգործադրելը մեզ կրնան միայն աւելի վատին առաջնորդել:

Արդ, իբրեւ միջանկեալ եզրակացութիւն` հաստատենք որ հակառակ մեր իրագործումներուն եւ ի հեճուկս այն իրողութեան, որ ազգային հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթները բազմաթիւ են մեր ժողովուրդի վերջին 100-ամեակին, եւ նաեւ յատկապէս` վերջին 30 տարիներուն, իրողութիւնը կը մնայ այն, որ Հայաստանը (ներառեալ` Արցախը) ինքզինք բարելաւելու եւ ամրակայելու կարիքը ունի, որ` դասական սփիւռքը ինքնութեան պահպանման նոր ձեւեր գտնելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ, եւ որ` Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը այսօր չի գտնուիր ակնկալուած բարձունքին վրայ եւ կը կարօտի նորարար եւ ներգործոն մօտեցումի, որուն շնորհիւ` Հայաստանն ու սփիւռքը երկուստեք օգտուելով` յաւելեալ յառաջխաղացքի մէջ գտնուին ու ապահովեն հայ ժողովուրդի, հայ ազգի ու հայրենիքի կայուն զարգացումները:

Այսպէս, ցարդ առաջադրուած, մասամբ իրագործուած, այլապէս բազմիցս նշուած, բայց չիրականացած միտքերու ամփոփումը մեզ կ՛առաջնորդէ հետեւեալ ռազմավարական եւ մարտավարական ուղղուածութեան. Հայաստան-սփիւռք ընդլայնուած եւ նոր որակի գործակցութեամբ` հասցնելու հայութեան իրավիճակը շա՛տ աւելի լուսաւոր ապագայի:

  1. Ազգային անվտանգութեան հարց:
  2. Հայութեան քաղաքական օրակարգերու համաձայնեցուած հետապնդման հարց:
  3. Հայաստանի կայուն զարգացման եւ սփիւռքի առողջ գոյատեւման հարց:

Այսպէս, ազգային անվտանգութեան հարցը Հայաստանի պետութեան քաղաքականութեան հիմնական ուղիին վերածուելով եւ ընդգրկելով աշխարհացրիւ սփիւռքը` հիմնաքարը պիտի կազմէ մեր ազգային գաղափարախօսութեան եւ պետական վարքագիծին: Անվտանգութիւնը կը սկսի Հայաստանն ու Արցախը վնասազերծելով` իբրեւ հայութեան մշտնջենական հայրենիքը:

Ազգային անվտանգութեան մէջ Հայաստանը սփիւռքի հանդէպ ունի բազմաթիւ պարտաւորութիւններ: Իւրաքանչիւր հայ կը ներկայացնէ ռազմավարական խորք. խորք` տնտեսական, խորք` քաղաքական, խորք` հայրենական ու ազգային: Եւ իւրաքանչիւր հայու ֆիզիքական ու ազգային պահպանումը մեր պետութեան, եկեղեցիին ու սփիւռքեան կառոյցներուն գործն է, մեր անվտանգութեան մէկ անբաժանելի մասնիկը: Ահա՛ թէ ինչու, երբ սուրիահայը կամ իրաքահայը կը վտանգուի, այդ մեր ազգային գործն է: Ահա՛ թէ ինչու, երբ սփիւռքը կը մաշի, այդ մեր անվտանգութեան հարցն է: Ահա՛ թէ ինչու, երբ Հայաստանը կը դատարկուի, այդ մեր գոյութեան դէմ ցցուած ազգային վտանգ է: Եւ հո՛ս Հայաստանը իր պետական կարողութիւններով, աշխարհացրիւ հայութեան դէմ ցցուած վտանգներուն դէմ պատուաստումի եւ մայրական կազմակերպ գուրգուրանքի գործ ունի: Հայաստանի պետական քաղաքականութիւնը կը կարօտի բարելաւման` համասփիւռ իւրաքանչիւր հայու ձեռք երկարելու երեւոյթը պետական գործընթացի վերածած ըլլալու համար:

Ազգային անվտանգութեան մէջ ճիշդ պայմաններու յառաջացումով, սփիւռքին նաեւ վերապահուած է յստակ դերակատարութիւն` Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական եւ քարոզչական վահանը ըլլալու աշխարհի տարածքին, ապահովելով հայութեան կեցուածքներու ճիշդ եւ արդար ընկալումը, սատարելով օտար պետութեանց հայանպաստ կեցուածքներու որդեգրման ու պահպանման եւ հայրենիքի հեղինակութեան ու միջազգային վարկի բարձրացման:

Ազգային անվտանգութեան մէջ ողջ հայութիւնը ունի յատուկ դերակատարութիւն` Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական, բանակաշինութեան, պաշտպանութեան եւ զինուժի ծիրերէն ներս, յատկապէս` իր մասնագիտութեամբ թրծուած եւ հարուստ փորձառութեան տէր անհատներով եւ խմբակներով, հարցի ֆինանսական, քաղաքական եւ այլ միջոցներու օգտագործումով: Հո՛ս, խոստմնալից օրինակ է «ազգ-բանակ» տարազի ընդգրկուն տարածումը:

Ազգային անվտանգութեան մէջ սփիւռքը ունի մե՛ծ ընելիք` հայաստանաբնակ հայը Հայաստան պահելու մէջ ու արցախցին` Արցախի: Կասկածէ վեր է, որ հայաթափուած Հայաստանը մեծագո՛յն սպառնալիքն է մեր անվտանգութեան: Հայաստանի տնտեսական զարգացման օգնելը, հոն արդար եւ ժողովրդավար կարգեր ունենալը, արտագաղթը ապաքաջալերելն ու շրջելը, ներգաղթին ու հայրենադարձութեան գործնական կերպով սատարելը նաե՛ւ սփիւռքահայութեան առաջնակարգ գործն է:

Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան երկրորդ ռազմավարական ուղղութիւնը հայութեան քաղաքական օրակարգերու համահունչ եւ համաձայնեցուած հետապնդումն է: Սփիւռքը Հայաստանի քաղաքականութեան երկարաձգումն է աշխարհով մէկ: Աւելի՛ն. սփիւռքը կրնայ շատ մը դիւանագիտական հարցեր լուծել` ի նպաստ հայրենիքին: Կարելի չէ, որ Հայաստանը ողջ հայութիւնը յուզող համընդհանուր հարցեր հետապնդէ ի՛ր հասկցած ձեւով, նոյնի՛սկ եթէ երեւութապէս բնական թուի ատիկա: Կամ` որ սփիւռքեան մեր կառոյցները հետապնդեն նման հարցեր առանց իսկ համադրելու Հայաստանի մեր պետական վարչութիւններուն հետ: Ցեղասպանութիւնը, հակառակ անոր որ ո՛չ անով կը սկսի, ո՛չ ալ անով կ՛աւարտի մեր պատմութիւնը, եղաւ հայուն հաւաքական ինքնութիւնը սահմանող անկիւնադարձ: Ուրեմն այս փափկանկատութիւն պահանջող նիւթին շուրջ, այսինքն անոր ճանաչման ու հատուցման հետ կապուած սփիւռք-Հայաստան այժմէական, համադրուած, թափանցիկ եւ ներքնապէս չքաղաքականացուած ու հանրութեան լայնօրէն բացատրուած մօտեցումները պիտի ունենան իրենց շահեկանութիւնը: Աւելի՛ն. ներգործօն կիրարկումը Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հռչակագրին` կը կարօտի Հայաստան-սփիւռք անմիջական ու ծաւալուն գործունէութեան, եւ անշուշտ` ղեկավարման:

Հայութեան քաղաքական օրակարգերու համահունչ հետապնդումը նաեւ կ՛ընդգրկէ Արցախի գծով մեր կեցուածքը (զիջումներ թէ ոչ), Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները, ջաւախահայութեան իրավիճակը, բռնագրաւեալ արեւմտեան Հայաստանի կապուած մեր պահանջատիրութիւնը, արեւելամէտ թէ արեւմտամէտ մեր արեւելումը եւ այլն: Այս հիմնահարցերուն շուրջ սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնն ու համադրումը, դերերու բաշխումն ու առաջնահերթութիւններու ճշդումը եւ փոխադարձ վստահութեան հաստատումը պիտի ունենան իրենց բարեբաստիկ անդրադարձը` թէ՛ ձեռք բերուած արդիւնքներով եւ թէ՛ հիասթափութիւններէ խուսափելու եւ ներազգային տագնապներ շրջանցելու համար, ինչպէս եղաւ նախագահ ԼՏՊ-ի արցախեան զիջումներու յայտարարութեանց օրերուն, կամ` վատահամբաւ փրոթոգոլներու ծիրէն ներս:

Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան երրորդ, արտօնեցէ՛ք, որ ըսեմ, չափազանց կարեւոր եւ  անյետաձգելի ռազմավարութիւնը Հայաստանի կայուն զարգացումն է եւ սփիւռքի առողջ գոյատեւումը: Հայաստանի զարգացման մէջ սփիւռքը նաեւ ունի ցարդ լրջօրէն փորձաքարի չզարնուած ընելիքներ: Սփիւռքը ունի չգործածուած մեծ դրամագլուխ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդրումներ ընելու ՏՏ-ի (այսինքն` IT) արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան բարգաւաճման ու արտահանման, զբօսաշրջութեան տարբեր երեսներուն` էքոթուրիզմ, մշակութային, պատմական, մարզական, կրօնական, առողջապահական ու արկածախնդրային բնոյթի, դեղորայքի, ջուրի, գինիի եւ ոգելից ըմպելիներու եւ այլ արտադրութիւններու ուռճացման, արտահանման, առ աշխարհ շուկայացման եւ սպառման մէջ: Անշո՛ւշտ օրէնքի գերակայութիւնը պիտի օգնէ այս ներդրումներուն: Հայաստանեան ապրանքի ամէնուրեք սպառումը կը նշանակէ հայը Հայաստան պահել, Հայաստանը ամրակայել:

Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը Հայաստանի զարգացման մէջ ունի նաեւ ո՛ղջ հայ երիտասարդութեան պորտալարը Հայաստանին կապելու հրամայականը եւ առիթը`  ՀԱՅՐԵՆԱՑՈՒՄԻ ընդմէջէն: Եթէ սփիւռքահայութեան քաղաքականացումն ու յեղափոխականացումը օգնեցին մեր պահանջատիրութեան եւ քաղաքական ու հողային ձեռքբերումներուն, ապա հայրենացումը պիտի ըլլայ յաջորդ քայլը` Հայաստանի կայուն զարգացման, եւ սփիւռքի առողջ գոյատեւման մէջ:

Հայրենացումը կը սահմանուի սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենիքի հետ կենդանի կապի հաստատումովն եւ ամրապնդումովը: Կապ, որ կը սկսի առաւելագոյն թիւով երիտասարդներու յաճախակի այցելութիւններով Հայաստան, առաջնորդելով բազմապիսի կապերու հաստատման` հայրենիքին հետ, խորհրդաժողովներէն մինչեւ մարզական ու մշակութային ելոյթներ, մասնագիտական ցանցեր, կամ պարզ զբօսաշրջութիւն` ստեղծելով առիթը Հայաստանը ճանչնալու եւ անոր հետ գործակցելու: Բայց որովհետեւ Հայաստան այցելելը ամէնուն մատչելի չէ, պարտինք մենք, յա՛տկապէս պետական կառոյցները, Հայաստանը փոխադրել եւ զայն ներկայ դարձնել հայ երիտասարդի կեանքէն ներս, առնուազն` հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ ժամանակակից ու տարածուն լրատուութեամբ: Հոս համացանցը եւ ընկերային ցանցերը կ՛ընձեռեն մեծ կարելիութիւններ, որոնց մէջ Հայաստանը ունի հսկայ ներուժ եւ աժան ու տրամադրելի դրամագլուխ:

Հայրենացում` կը նշանակէ նաեւ երիտասարդութիւնը քաջատեղեակ պահել հայոց նորագոյն պատմութեան մասին` իր մաքառումներով եւ նոր յաղթանակներով, առթելով ազգային արժանապատուութիւն, ինքնավստահութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն:

Եւ որովհետեւ հայրենադարձութիւնը ցարդ չէ գտած իր բնական հոսքը, հայրենացումը նաեւ կը նշանակէ ձեռք բերել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը եւ մշակել Հայաստան հաստատուելու հեռանկար:

Հայրենացում` կը նշանակէ երիտասարդութեան մէջ զարգացնել իր պատկանած երկրին եւ իր հայկական զոյգ ինքնութիւններուն միջեւ ներդաշնակում, ուր մին չի խոչընդոտեր միւսը, ուր մէկը միւսին հաշուոյն չէ, եւ ուր հայ ինքնութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ իր հայրենացումին, համընթաց եւ զուգահեռ կ՛ընթանայ իր սփիւռքի մէջ ապրուած առօրեային հետ: Հայաստանի եւ հայութեան հետ առնչուող իւրաքանչիւր ելեւէջը կ՛ունենայ հայրենացման պրիսմակին մէջէն իր արտացոլացումը:

Հայրենացման մէջ որքա՜ն պիտի օգնեն մշակութային, մարզական, գիտական, կրօնական եւ այլ այցերն ու փոխանակումները, օրինակ` համերգներ, ներկայացումներ, ցուցահանդէսներ, փառատօներ, արուեստագէտներու այցեր, որոնք այսօր սակաւաթիւ են: Յատկապէս` Հայաստանէն սփիւռք, բայց նաեւ հակառակ ուղղութեամբ` դէպի Հայաստան: Բաներ, որոնք իրենց արդիւնաւէտութիւնը փաստած էին նո՛յնինքն խորհրդային օրերուն, նոյնիսկ երբ անոնք կը հետապնդէին քաղաքական նպատակներ: Հայրենացումը կ՛ենթադրէ, աւելի քան երբեք, կապուիլ հայ մշակոյթի տարբեր մարզերուն:

Աւելի՛ն. սփիւռքը այսօր կը դիմագրաւէ հարցեր, որոնք առանձինն յաղթահարելու դժուարութիւնը ունի: Արեւմտահայերէնի ուսուցումը, գործածութիւնը, անորմով մշակոյթի զարգացումը օրըստօրէ կը նահանջեն: Գիտեմ, որ յաջորդ միտքը կրնայ վիճելի ըլլալ ձեզմէ ոմանց համար, սակայն ըսեմ, որ Հայաստանը արեւմտահայերէնի գոյատեւման եւ աճումին մէջ ալ ունի իր վերցնելիք ոչ փոքր դերակատարութիւնը` գիրքերու հրատարակութեան ու սփիւռքի մէջ տարածման, ելեկտրոնային գիրքերու, App-երու եւ համացանցի վրայ լայնատարած ներկայութեան, թարգմանական գործերու տարածման եւ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս մեր պետականութեան ընձեռած կարելիութիւնները լարելու: Աւելի՛ն. սփիւռքին տրամադրուելիք ուսուցիչներու պատրաստութեան` նոյնի՛սկ գիտակցելով Արեւմուտք-Արեւելք մանկավարժական մեթոտներու մեծ վիհին, կրթական համակարգերու եւ դպրոցներու օժանդակութիւն տրամադրելով եւ հոգածու մօր թեւերը բանալով: Մշակութային եւ կրթական մարզէն ներս աւելցնենք այն օգնութիւնը, որուն կարիքը ունին մեր սփիւռքեան թանգարաններն ու հայագիտական կեդրոնները: Սփիւռքի նախարարութեան քայլերը այս բնագաւառէն ներս ողջունելի են, բայց` ոչ բաւարար:

Այս բոլորով հանդերձ, մտահան պէտք չէ ընել երկու կարեւոր սփիւռքեան ենթաբաժանումներ, որոնք առհասարակ դասական սփիւռքի սահմանումէն դուրս կ՛իյնան: Մէկը կը վերաբերի այն հայութեան, որ գաղթած է կամ կ՛ապրի նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ, միւսը մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ ապրող դաւանափոխ հայերն են: Երկուքին ալ պարագային, Հայաստանի կարելիութիւնները յաւելեալ լարելու, օրակարգ ճշդելու, նոր ձեւաւորուած սփիւռքին հասնելու եւ ոչ աւանդական սփիւռքի հայերուն օգնելու հարցերը իրենք զիրենք կը պարտադրեն հայութեան:

Մարտահրաւէրը մեծ է անկասկած: Եւ պատեհութիւնը աւելի մեծ` հայութեա՛ն իսկ ձեռամբ ինքն իր ապագան պանծացնելու:

Անթիլիաս, 7 Դեկտեմբեր 2017