Հայաստան-Սփիւռք 6րդ Համաժողովին 20 Երկիր Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Մասնակցի


(Երկիր).- Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Սեպտեմբեր 5ին լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ  Սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով` Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայակական համաժողովը:

«Համաժողովը նախատեսուած է իրականացնել Մայիսեան յաղթական հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800ամեակի նախաշեմին», ըսած է նախարարը:

Անոր խօսքով` այս պահուն 70 երկրէ 1400 սփիւռքահայ հաստատած է իր մասնակցութիւնը համաժողովի աշխատանքերուն: Յակոբեան նշած է, որ մօտ 20 երկիր, որոնց մէջ` Մեանմարը, Սինկափուրը, Եթովպիան, Մարոքը, Թայլանտը, առաջին անգամ պիտի մասնակցին:

Ըստ նախարարին` համաժողովի մասնակիցներուն 70%ը տղամարդիկ են, 30%ը` կանայք: «Հրաւիրուած է 600 հոգի` համահայկական կառոյցներու ղեկավարներ,  հոգեւոր, կրթամշակութային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, անհատներ», ըսած է ան ապա աւելցուցած, որ սփիւռքէն  92 լրագրող եւ խմբագիր իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են:

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ տեղի պիտի ունենայ երեք լիագումար նիստեր: «Առաջին լիագումար նիստին ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս, Սփիւռքի նախարարը: Երկրորդ լիագումար նիստին ելոյթ պիտի ունենայ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, իսկ երրորդին` Ազգային Ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյան»։

Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ համաժողովի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուին նաեւ շարք մը մշակութային ձեռնարկներ:

Ի դէպ, ըստ անոր, 6րդ համաժողովը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդներէն նաեւ անով, որ, բացի երեք լիագումար նիստերէն, 4 ուղղութիւններով նախատեսուած են 16 թեմատիկ նիստեր: «Այդ նիստերուն, բացի Սփիւռքի նախարարութենէն, պիտի մասնակին նաեւ Հայաստանի միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու նախարարութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը»։

«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի ներկայացնէ զեկուցումներ «Ազգ-բանակ» հաւաքական ներուժի զարգացման օրինակին, ազգային գաղափարախօսութեան, ազգային ներուժը բանակաշինութեան ոլորտին մէջ համախմբելու վերաբերեալ, անդրադարձ պիտի կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի թեմային, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, խորհրդարանական դիւանագիտութեան առնչուող հարցերուն», տեղեկացուցած է Յակոբեան: