Հայաստան Տեղափոխուած Սուրիահայերուն 76%-ը Կը Ցանկայ Մշտական Մնալ Հայրենիք


Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան անդամներուն հետ

(Արմռատիօ),- Դեկտեմբեր 5-ին Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը սուրիահայերու հետ։

Սինանեան, հանդիպան ժամանակ, իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց յաճախ հանդիպելու, համագործակցելու, լսելու ու լսելի դարձնելու սուրիահայերուն ձայնը։

Ան խօսեցաւ սուրիահայերու եւ իրաքահայերու տարերային հայրենադարձութեան փորձին, անոնցմէ դասեր քաղելու անհրաժեշտութեան, համարկումի դժուարութիւններուն մասին, աւելցնելով, որ այժմ Հայաստանի մէջ կը բնակին 10-12 հազար սուրիահայեր: Անոնց մտահոգող  հարցերէն են՝ բնակարանային, կրթական, առողջապահական, աշխատանքային իրաւունքներու պաշտպանութեան թեմաները:

Հակառակ այս բոլորին` ըստ «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան ուսումնասիրութեան տուեալներուն` հարցախոյզի մասնակցած սուրիահայերուն 76 տոկոսը յեղափոխութենէն ետք կը ցանկայ մշտական մնալ Հայաստան, 90 տոկոսը ցանկութիւն ունի հայրենիքի մէջ սեփականութիւն ձեռք բերել:

Սուրիահայերը կարեւոր կը նկատեն իրենց խնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի վերաստեղծումը, որուն ի պատասխան` Զարեհ Սինանեան նշեց, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Անդրադառնալով արեւմտահայերէնի պահպանման խնդրին, յանձնակատարը ընդգծեց` ատիկա նաեւ իրեն համար սկզբունքային հարց է, եւ արեւմտահայերէնը` որպէս մշակութային ժառանգութիւն, պէտք է պահպանուի:

Հանդիպման աւարտին «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս սուրիահայ եւ իրաքահայ 46 ուսանողներու տրուեցան կրթաթոշակներ: Ծրագիրը կ՛իրականացնէ «Հալէպ» կազմակերպութիւնը` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կլոր սեղան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ: