Իրենց Տուները Հայեր Թաքցնողները Կախաղան Պիտի Հանուին. Թաներ Աքչամի Բացայայտումը


«Թերթ»․- Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր աղմկայարոյց արխիւային փաստաթուղթ մը բացայայտած է, որ հրապարակուած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ:

Թաներ Աքչամի ներկայացուցած արխիւային փաստաթուղթը գրուած է թրքական բանակի հրամանատարներէն Մահմուտ Քեամիլ փաշային կողմէ եւ կը կրէ երկրի ներքին գործոց նախարարութեան կնիքը:

1915ի Յուլիս 24ին գրուած հեռագիրը քննուած է 1919-1921ին «Իթթիհաթ վէ Թերաքի»ի պարագլուխներուն` Պոլսոյ մէջ կայացած դատավարութիւններու ընթացքին: Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան կոտորածներուն վերաբերեալ գործի մեղադրական գործի թղթապանակներուն մէջ տեղ գտած հեռագիրով Մահմուտ Քեամիլ փաշան Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կը զգուշացնէ, որ իրենց տուներուն մէջ հայեր թաքցնող մահմետականները նոյնպէս պիտի պատժուին:

Հայերուն օգնող մահմետականներուն իրենց տան դիմաց կախաղանով սպառնացող Մահմուտ փաշան կը պահանջէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն իրավիճակը պահել ուշադրութեան կեդրոնին:

«Մենք պարզած ենք, որ որոշ գիւղերու եւ աւաններու մէջ մահմետականները կը թաքցնեն հայերը: Կառավարութեան որոշումներուն դէմ երթալով հայերը իրենց տուներուն մէջ պահողներուն տուները պէտք է աւերել, իսկ իրենց կախաղան բարձրացնել նոյն իրենց տան դիմաց: Կատարեցէք կարգադրութիւնները, եւ տեղահանութեան դատապարտուած գէթ մէկ հայ տեղը չմնալու խնդիրը կատարելուն պէս տեղեկացուցէք մեզ: Կրօնափոխուելով մահմետականացած հայերը նոյնպէս պէտք է տեղահանուին: Եթէ զանոնք պատսպարողները զինուած ուժերու ներկայացուցիչներ են` զինուորական ծառայութեան հետ անոնց կապերը պիտի խզուին, իսկ եթէ ղեկավար պաշտօնի զինուորականներ են` պիտի զրկուին պաշտօնէ եւ պիտի կանգնին ռազմական դատարանի առջեւ», ըսուած է հեռագիրին մէջ։

Օսմաներէնով գրուած հեռագիրը տառադարձուած եղած է նաեւ հայատառ թրքերէնով:

Մահմուտ փաշան նոյն թեմային վերաբերող հեռագիր մը յղած է արդէն աւելի ուշ` նոյն թուականի Օգոստոս 1ին եւ որոշակի յաւելումներ կատարած նախորդ հրամանին վերաբերեալ:

Երկրորդ հեռագրին մէջ հրամանատարը կ՛ ընդգծէ, որ կարգադրութիւնը պէտք չէ վերաբերի պետութեան անմիջական հսկողութեամբ մահմետական ընտանիքներուն բաժնուած հայ կանանց եւ որբերուն իրենց տուները պահողներուն: Նամակին վերջաւորութեան Մահմուտ Քեամիլ կրկին կ՛աւելցնէ. «Որ կրօնէ կամ ազգութենէն ալ ըլլան` հայերը թաքցնողները պէտք է մահապատժի արժանանան»:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ պատմաբան Թաներ Աքչամ եւս մէկ կարեւոր փաստաթուղթ հրապարակած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ «Իթթիհաթ վէ Թերաքի»ի անդամներուն վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ:

1915ի Յուլիս 4ին յղուած է Էլեազըղի (Խարբերդ) նահանգապետ Սաբիթ պէյին` «Իթթիհաթ վէ Թերաքի»ի Էլեազըղի ներկայացուցիչ Նազըմ պէյին փոխանցելու խնդրանքով: Հեռագրին մէջ հարցում յղուած էր տարածքէն տեղահանուող հայերուն մասին:

«Այդ վնասակար տարրերը միայն կը տեղահանուի՞ն, թէ՞ նաեւ կ՛ոչնչացուին, կը խնդրենք բացայայտօրէն տեղեկացուցէք մեզ, եղբայր», կ՛ըսուի երիտթուրք պաշտօնեաներէն Պահաեթթին Շաքիրի կողմէ գրուած նամակին մէջ: