Հայկական Լաւաշը Աշխարհի 50 Լաւագոյն Հացերու Շարքին Երկրորդն է. CNN-ի Անդրադարձը


Կիներ լաւաշ կը թխեն թոնիրի մէջ

Հայկական լաւաշը յայտնուած է աշխարհի 50 լաւագոյն հացերու շարքին է։ CNN-ի մէջ հրապարակած յօդուածի մը մէջ ներկայացուցած է աշխարհի 50 լաւագոյն հացերը, որոնց մէջ հայկական լաւաշը երկրորդն է:

Յօդուածին հեղինակը կը յիշեցնէ մասնագէտներու այն խօսքը, որ «հացը հիմնականօրէն այն է, ինչի մասին կը խօսի ձեր մշակոյթը»:

«Ի՞նչ է հացը: Այս հարցի հետ կապուած ամենայն հաւանականութեամբ դուք կարիք չունիք երկար մտածելու: Դուք կը ցանկաք կտոր մը հաց համտեսել, եւ այդ ընթացքին այն, ինչ դուք կը պատկերացնէք, շատ բան կը պատմէ ձեր ծագման մասին», կը նշէ յօդուածագիրը: 

CNN առանձին-առանձին ներկայացուցած է Աֆղանիստանի, Պրազիլի, Եգիպտոսի, Աւստրալիոյ, Պանգլադտեշի, Գանատայի, Չիլիի, Չինաստանի, Եթովպիայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ շատ այլ երկիրներու ազգային հացերը:

«Գերմանիոյ Վէսթֆալիա շրջանին մէջ հացթուխները 24 ժամուան ընթացքին քանը մը հատ հաց կը թխեն, իսկ  ցորենի ալիւրէն պատրաստուած հայկական լաւաշը թոնրին մէջ գեղեցիկ տեսք կը ստանայ 30 երկվայրկեանի մէջ», կը համեմատէ յօդուածագիրը:

Ան կը ներկայացնէ լաւաշը թխելու գործընթացը եւ կը նշէ, որ լաւաշ թխելու համար անհրաժեշտ է ընկերներու օգնութիւնը:

«Երբ ձեր հայ կեսուրը կը մօտենայ հացը ձեռքը, մի զարմանաք: Նորապսակներուն կը տրուի լաւաշը, որ կը խորհրդանշէ առատութիւն ու բարեկեցութիւն: Լաւաշը պատրաստելու գործընթացը կը պահանջէ ընկերներու մասնակցութիւն: Այս աւանդական հացը թխելու ատեն կը հաւաքուին կանայք, կը պատրաստեն խմորը, յատուկ բարձի վրայ բարակ ու լայն բացուած խմորը ուժգին հարուածով կ՛ամրացնեն նախապէս տաքցած թոնիրին մէջ», կը ներակացնէ ան՝ ընդգծելով, որ լաւաշ թխելը մեծ վարպետութիւն կը պահանջէ:

Լաւաշը հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն է, անիկա ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: