Հայկական «Շապիկ» Վաճառանիշը Պիտի Մասնակցի Նիւ Եորքի Նորաձեւութեան Շաբթուան


Հայկական «Շապիկ» (Shabeeg) վաճառանիշը պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբթուան, որ նորաձեւութեան աշխարհի 4 ամենակարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է եւ յայտնի է իբրեւ՝ «Սեվընթ ան տը Սիքսթ»  (7th on the Sixth): Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբաթը տեղի կ՛ունենայ տարին 2 անգամ՝ Փետրուարին կը ցուցադրուին աշուն-ձմեռ հաւաքածոները, իսկ Սեպտեմբերին՝ գարուն-ամառ:

Վաճառանիշի հիմնադիր Մերի Սուքիասեան յայտնեց, որ Փետրուար 7էն 10, հայկական վաճառանիշը ներկայացուած պիտի ըլլայ «Շօ-ռում»ին, ի շարս աշխարհի տարբեր երկիրներէն նոր եւ ոչ այնքան յայտնի ձեւաւորողներու հաւաքածոներու՝ աւելցնելով. «Հրաւիրած ենք Նիւ Եորքի հայերը՝ անոնց ներկայացնելու համար «Շապիկ»ը, իսկ 10 Փետրուարին պիտի կատարուի ցուցադրութիւն մը նորաձեւութեան արդիւնաբերութեան ներկայացուցիչներուն համար»:

Սուքիասեան ըսաւ, որ նոր հաւաքածոն կը յայտկանշուի տարազի յատուկ տարրերով եւ զարդերով, սակայն արդիականացուած է եւ կը ներկայանայ փողոցային նորաձեւութեան ոճին մէջ:

«Շապիկ»ը պիտի ըլլայ միակ հայկական վաճառանիշը, որ կը մասնակցի Նիւ Եորքի նորաձեւութեան շաբաթուան ընթացքին:

Ըստ Մերիի՝ կազմակերպիչներուն կողմէ ցուցահանդէսին հրաւէրը անսպասելի եղած է եւ զայն ստացած են ելեկտրոնային փոստով. «Ըսին, որ տեսած են մեզ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Oriflame Fashion Weekendի ցուցադրութեան մասին տեսանիւթին մէջ», պատմեց Մերի Սուքիասեան:

«Շապիկ»ը կը փորձէ ներկայացնել հայկական պատմամշակութային արժէքները բոլորին հասանելի տարբերակով՝ գծանկարչական հետաքրքրական եւ արդիական լուծումներով: