Հայկական «PicsArt»ի Ծրագիրը՝ «iPhone»ի Ծրագիրներու Լաւագոյններէն


Աշխարհի առաջատար ընկերային ցանցերէն մէկը հանդիսացող եւ Երեւան հաստատուած հայկական «PicsArt» ընկերութեան ծրագիրը (app) հեղինակաւոր CNET կայքին կողմէ ներառնուած է «iPhone» հեռաձայններու համար պատրաստուած լաւագոյն ծրագիրներու ցանկին՝ «Best iPhone Apps of 2016»ի մէջ, «Viber»ի, «Spotify»ի եւ «Fitbit»ի նման ծրագիրներու կողքին։

Նշենք, որ աշխարհի տարածքին աւելի քան 300 միլիոն սարքերու մէջ ներառնուած եւ արդէն իսկ ամսական աւելի քան 80 միլիոն օգտագործող ունեցող այս ընկերութեան ծրագիրը, ներկայիս տրամադրելի է 20է աւելի լեզուներով։ Անիկա կը գործէ նաեւ «Android» ծրագիրով բանող հեռաձայններու եւ սարքերու վրայ։

Յայտնենք, որ «PicsArt»ը հրապարակած էր արուեստական հմտութեամբ բանող երկու ծրագիրներ՝ «Remix Me»ն եւ «Magic Video»ն, զորս կարելի է օգտագործել լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու համար:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել picsart.com կայքը: