Հայկական PicsArt-ը` Աշխարհի Լաւագոյն Յաւելուածներու Շարքին


«Ամերիկայի Ձայն»,- Հայկական PicsArt-ը ամերիկեան շուկայի մէջ Փետրուարի 11-ին Apple-ի ամենաշատ անվճար ներբենռնուած յաւելուածներէն (Apps) երկրորդն էր: Կը զիջէր միայն TikTok-ին` առաջ անցնելով Youtube-էն, Instegram-էն, Snapchat-էն եւ Facebook-էն։ 

Ընկերութեան համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Աւոյեանի խօսքով` ցուցանիշը յաճախ կը փոխուի, լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու խմբագրութեան հայկական արտադութեան այս հարթակը կը շարունակէ մնալ աշխարհի լաւագոյն նմանատիպ յաւելուածներու քսանին մէջ. «Վերլուծական ընկերութիւններու տուեալներուն համաձայն` 2019-ին PicsArt-ը 14-րդ է աշխարհի մէջ: Անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը սակայն կը շարունակէ աճիլ», ըսած է ան:

9 տարի առաջ 10 հոգիէ բաղկացած խումբը այսօր 500 աշխատող ունի Երեւանի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փեքինի, Մոսկուայի, Թոքիոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, 600 միլիոն ընդհանուր եւ ամսական 150 միլիոն մշտական օգտատէր:

Շուկան երթալով կ՛աճի, մրցակցութիւնը կ՛ուժեղանայ, եւ մշտապէս զարգանալով ու օգտատէրերուն նոր գործիքներ առաջարկելով` PicsArt-ը կը շարունակէ մրցակցային ըլլալ աշխարհի մէջ: Յովհաննէս Աւոյեան փոքր երկրէն միջազգային մեծ շուկայ դուրս գալու իր բանաձեւը ունի. «Պէտք է միշտ նորը ստեղծել, փորձել ամէն ինչ», կ՛ըսէ ան:

Հայաստանի Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մարզը ժամանակի հետ համահունչ զարգանալու համար, ըստ Աւոյեանի, մասնագէտներու կարիք ունի: Երկրի նոր կառավարութիւնը ոլորտը զարգացնելուն ուղղուած քայլեր կը ձեռնարկէ, եւ ատիկա պէտք է կեդրոնացնել մասնագիտական կրթութեան վրայ. Forbes ամսագրի անցած շաբաթ հրապարակուած «Բարի գալուստ աշխարհի յաջորդ արհեստագիտական կեդրոն` Հայաստան» յօդուածին մէջ անդրադարձած էր նաեւ PicsArt ընկերութեան` զայն համարելով յաջողած startup:

Ստեղծման օրէն ի վեր ընկերութիւնը բազմաթիւ մրցանակներ եւ պարգեւներ ստացած է, ներառեալ Forbes-ի 2015-ի աշխարհի լաւագոյն 5-րդ startup մրցանակը: