Հայկական Shadowmatic Խաղը Հասանելի Է Նաեւ Android Բջիջայիններուն Համար


«Փանարմինիըն»․- Հայկական Triada Studio ընկերութեան ստեղծած խաղը հասանելի դարձած է նաեւ Android բջիջայիններու ու պլանշեթներու համար. Զան կարելի է ներբերնել Google store-էն։

2015ի Յունուարին լոյս տեսած խաղը մինչեւ այժմ հասանելի էր միայն iOS բջիջայիններու համար: Խաղը նուաճած է բազմաթիւ տիտղոսներ ու մրցանակներ: 2015ին Shadowmaticը դարձած է Apple Design Awardsի մրցանակակիրը` դառնալով մրցանակին արժանացած առաջին հայկական խաղը:

Չորս առանձին սենեակի մէջ առաջին 14 մակարդակները անցնելէ ետք, խաղցողները կրնան աշխուժացնել խաղի մնացած մասը մէկանգամեայ վճարում կատարելով:

Androidի օգտատէրերը կրնան ներբեռնել խաղը այստեղ:

Խաղը նաեւ արժանացած է 2 մրցանակի DevGAMM Awardsի, ինչպէս նաեւ ճանչցուած է տարուան լաւագոյն խաղ iPhoneի համար Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ, «Լաւագոյն խաղեր iPhoneի համար» մրցանակակիր դարձած է ԱՄՆի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Հոնքոնկի եւ Թայուանի մէջ խաղը յաղթած է «Ամէնէն նորարարական խաղ iPhoneի համար» անուանակարգին, իսկ Քորէայի մէջ ստացած է «Լաւագոյն պեսթսելըր iPhoneի համար» կոչումը: Հաւելուածը արժանացած է նաեւ բազմաթիւ այլ մրցանակներու: