“Իմ Քայլը” Դաշինքի Յաղթանակով` Հայկ Մարութեան Երեւանի Քաղաքապետ Պիտի Դառնայ


“Արմենփրես”․- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը Սեպտեմբեր 23ի երեկոյեան հրապարակեց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու մասնակցութեան նախնական տուեալները, որոնց հիման վրայ, Երեւանի քաղաքապետ ընտրուած է “Իմ Քայլը” դաշինքի թեկնածու, դերասան Հայկ Մարութեան ։

Քուէարկութեան մասնակցած է 370,323 ընտրող, կամ ընտրողներու 43,65 առ հարիւր տոկոսը:

Նախնական տուեալներուն համաձայն, իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի ստացած քուէներուն պատկերը հետեւեալն էր.

– «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինք` 229.409 լուէ (80,78 առ հարիւր),

– Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն` 19,989 քուէ (7,04 առ հարիւր), -«Լոյս» կուսակցութիւններու դաշինք` 14,395 քուէ (5,07 առ հարիւր),

-Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն` 4.769 քուէ (1,68 առ հարիւր),

-Երկիր Ծիրանի կուսակցութիւն` 4.070 քուէ (1,43 առ հարիւր),

– Օրինաց երկիր կուսակցութիւն` 3.030 քուէ (1,07 առ հարիւր),

– «Երեւանցիներ» դաշինք` 2.433 քուէ (0,86 առ հարիւր),

-Ժառանգութիւն կուսակցութիւն` 2110 քուէ (0,74 առ հարիւր),

-«Երեւանի հանրութիւն» դաշինք` 2017 քուէ (0,71 առ հարիւր),

-Ժողովրդավարական ուղի կուսակցութիւն` 652 քուէ (0,23 առ հարիւր),

-Ռեֆորմիստներու կուսակցութիւն` 581 քուէ (0,20 առ հարիւր),

-Հայք (Հայկազուններ) կուսակցութիւն` 537 քուէ (0,19 առ հարիւր):

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաջայն 65 անդամէ բաղկացած աւագանիին մէջ «Իմ քայլը» դաշինքը կ’ունենայ 56 աթոռ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` հինգ, «Լոյս» դաշինքը` չորս:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողը ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները կը հրապարակէ քուէարկութեան ետք եօթներորդ օրը` Սեպտեմբեր 30ին:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահին համաձայն, Երեւանի աւագանիի նախորդ` 14 Մայիս 2017ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն համեմատ, մասնակցած է 25.097 ընտրողով աւելի: Նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցած էր 345.226 մարդ, որ կը կազմէր ընտրողներու ընդհանուր թիւի 40,99 առ հարիւրը: