Հայոց Ցեղասպանութեան Առերեսումը Հերքելը Կը Նշանակէ Ունենալ Նոյն Յանցանքը Կրկնելու Ներուժը. Թաներ Աքչամ


«Արմենփրես»․- Թուրքիոյ իշխանութիւնները պարտաւոր են առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ, եթէ կ՝ուզեն հիմնել ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքները յարգող համակարգ: Առանց պատմութեան հետ առերեսման՝ հասարակական խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ եւ ժողովրդավարական համակարգ չի կրնար հիմնուիլ, գրած է պատմաբան Թաներ Աքչամ T24.comի մէջ հրապարակած նոր յօդուածին մէջ։

«Պատմութեան առերեսուելու պարտաւորութիւնը եւ անոր դիմաց առկայ արգելքները» խորագիրով յօդուածին մէջ Աքչամ ընդգծած է, որ այժմն Թուրքիոյ մէջ մենատիական եւ բռնապետական վարչաձեւ է, կ՝ոտնահարուին մարդու ամենահիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, գլխաւորապէս` մտքի ազատութիւնը: «Հարիւրաւոր մտաւորականներ, գրողներ, լրագրողներ բանտարկուած են, ժողովրդավարութեան ամենահիմնական կառոյցներն ու օրէնքները չեն գործեր, դատական համակարգը ամբողջութեամբ մէկ մարդու ազդեցութեան տակ է, օրէնքի գերակայութեան սկզբունքը վերացած է: Ցեղական-կրօնական խնդիրները, մասնաւորապէս քրտական հարցը, ալեւի, քրիստոնեայ եւ հրեայ փոքրամասնութիւններուն հարցերը հիւանդագին վիճակի մէջ են», նշած է պատմաբանը:

Ան առանձնացուցած է պատմութեան առերեսուելու չորս հիմնական պատճառ․ «Առաջինը, եթէ կ՝ուզէք մարդու իրաւունքները յարգող ժողովրդավարական վարչաձեւ ունենալ, ուստի ստիպուած էք առերեսուելու պատմութեան ընթացքին մարդու իրաւունքներու խախտումներուն հետ: Եթէ անցեալի խախտումներուն հետ չկրնաք առերեսուիլ, այսօր չէք կրնար մարդու իրաւունքները յարգող հասարակութիւն հիմնել: Ինչպէս նայիք անցեալին, այնպէս ալ պիտի կառուցէք այսօրը: Եթէ պատմութեան մէջ առկայ խնդիրները քննարկէք` ըսելով «հայերը դաւաճանած են», «քիւրտերը կայսերականներու խաղը կը խաղան», «ասոնք երկիրը բաժնել ուզող դաւաճաններ են եւ մեր երկրի համար լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն», ուստի ներկայիս ալ նման հարցերը այդ տեսանկիւնէն պիտի ընկալուին: Ինչպէս նախապէս խախտած էք ամենահիմնարար իրաւունքները, այսօր ալ նոյնը կ’ընէք», նշած է Աքչամ:

Իբրեւ երկրորդ պատճառ` պատմաբանը ընդգծած է, որ պատմութեան ընթացքին վատ եւ ցաւալի յարաբերութիւններ ունեցող հասարակութիւնները կը կարենան համատեղ ապրիլ միայն մէկը միւսին հետ խօսելու ճանապարհով: Երրորդը` անհրաժեշտ է անցեալին ոչնչացուած մարդոց մարդկային արժանապատւութիւնը, որ ոտնատակ եղած է, վերադարձնել անոնց: Եւ վերջապէս, իբրեւ չորրորդ պատճառ Աքչամ նշած է` պատմութեան հետ առերեսումէն հրաժարումը վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Առերեսումը հերքելը կը նշանակէ ունենալ նոյն յանցանքը կրկնելու ներուժը:

Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` Աքչամ գրած է. «Մենք 1923 թուականին ազգ-պետութիւն հիմնեցինք եւ անոր համապատասխան ինքնութիւն ստեղծեցինք: Եւ այդ ինքնութիւնը այսօր վերածուած է մեր մտածելակերպը, զգացմունքները, այսինքն` հասարակութեան ամբողջ հասարակական-մշակութային յարաբերութիւնները որոշող իրականութեան: Սակայն եթէ մենք, օրինակ, սկսինք խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս այդ իրականութիւնը կը սկսի խարխլուելու: Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հասարակութեան ինքնութեան կառոյցը ամբողջութեամբ ոչնչացնող պատմական փաստ է: Այս պատճառով է, որ կը խուսափինք առերեսումէն»: