Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկը Պիտի Վերածուի Հիմնադրամի


“Արմռատիօ”․- Հայաստանի կառավարութեան Դեկտեմբեր 21ի որոշումով, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ պետական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը պիտի վերակազմաւորուի եւ պիտի դառնայ հիմնադրամ:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը հիմնադրամի պիտի վերածուի, որպէսզի աւելի նխաստաւոր պայմաններ ստեղծուի Ցեղասպանութեան թանգարանի զարգացման ծրագիրները իրականացնելու համար:

Կարգավիճակի փոփոխութիւնը կը նպաստէ թանգարան-հիմնարկի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելուն, տարբեր աղբիւրներէ, նաեւ Սփիւռքէն ներդրումներ ապահովելուն:

Կ՛ակնկալուի, որ հիմնադրամի կարգավիճակ ստացած թանգարանը վերածուի ինքնավար աւելի բարձր մակարդակ ունեցող գիտական կեդրոնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտ ներգրաւելով նաեւ օտար ուսումնասիրողներ, գիտնականներ, ձեւաւորել միջազգային հասարակութեան վերաբերմունք Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ արտաքին աշխարհի մէջ անհրաժեշտ ընկալման հասնելու նպատակով:

«Կազմակերպական եւ իրաւական կարգավիճակի փոփոխութիւնը լայն հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի ճկուն ու արդիւնաւէտ օգտագործելու նիւթական միջոցները, թանգարանին մէջ ծաւալելու լրացուցիչ ներդրումներ պահանջող աշխատանքներ՝ այնտեղ ներգրաւելով նաեւ սփիւռքահայ գաղթօճախներու ներկայացուցիչներ, բարերարներ: Հիմնադրամի կարգավիճակը կ՝ենթադրէ աւելի բարձր ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնակառավարում՝ ի դէմս հոգաբարձուներու խորհուրդին, որ իրաւասու է սահմանելու ձեռնարկատիրական գործունէութեան նոր տեսակներ», նշուած է կառավարութեան հիմնաւորման մէջ: