Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնի Թուրք Բեմադրիչը Քիւրտ Զինեալներու Մասին Ժապաւէն Կը Նկարահանէ


Ծագումով թուրք,  գերմանաբնակ բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընը կը պատրաստուի ժապաւէն մը նկարահանել Սուրիոյ քրտական Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներու կիներու թեւին  մասին, որ կը կռուի ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ:

Ըստ «Տեմոքրաթհապեր»-ի, այդ մասին Աքըն յայտարարած է իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ` տեղադրելով այդ մասին ազդարարող լուսանկար, ուր պատկերուած է քիւրտ զինեալ կին մը:

«Ճնշեցէ՛ք ՏԱՀԵՇ-ը. աջակցեցէ՛ք ազատութեան համար կռուող Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներուն: Պաշտպանեցէ՛ք Ժողովրդավարական յեղափոխութիւնը Ռոժավայի մէջ», գրուած է լուսանկարին վրայ:

Նշենք, որ Աքըն կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Հատումը» ժապաւէնին բեմադրիչը: