Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմը Լաւագոյնը Ճանչցուած է Քալիֆորնիոյ Փառատօնին


Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Crows of the Desert» («Անապատի ագռաւները») վերնագիրով ֆիլմը լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ ճանչցուած է Հոկտեմբեր 24ին Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային շարժանկարի փառատօնին։

Ֆիլմը նկարահանուած է ամերիկաբնակ հայ գրող Լեւոն Փառիեանի գիրքի հիման վրայ: Գիրքին մէջ հեղինակը կը պատմէ իր պապին` Ցեղասպանութեան ժամանակ օսմանեան զինուորներէն փախչելու եւ հազարաւոր հայեր փրկելու մասին:

Մէկ ժամ տեւող ֆիլմի բեմադրիչը ամերիկացի Մարթա Հուսքն է: Ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը կայացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2016ին:

“Crows of the Desert – A Hero’s Journey through the Armenian Genocide” Trailer from Matrix Communications on Vimeo.