Ցեղասպանութիւնը Վերապրած 109ամեայ Տատիկը Երջանիկ Կը Համարէ Միայն «Իրենց Կանաչ Գիւղին» Մէջ Ապրած 5 Տարիները


“Ազատութիւն”,- Արագածոտնի մարզի Թաթուլ գիւղին մէջ կ՛ապրի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն Գոյնայ Մարկոսեանը: Կարսեցի Նազարէթ եւ Հայկանոյշ Նազարէթեանի դուստրը ուղիղ 109 տարեկան է: Երբ անոր կը հարցնեն, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծնած ու ցեղասպանութեան չարչարանքներով անցած իր բախտակիցներէն Հայաստանի մէջ ընդամէնը 7 հոգի մնացած է, ան կ՛ապշի:

Գոյնայ տատիկը հիմա արդէն շատ բան չի կրնար պատմել, կ՛որսայ միայն որդիին եւ հարսին ձայները: Տեսողութենէն հինգ տարի առաջ զրկուած է, բայց միտքը շատ պարզ է: «100 տարի ապրիլը հեշտ է՞»,  կ՛ըսէ ան` տարիքը թեթեւօրէն կրճատելով:

Գիւղին մէջ, տունը Գոյնայ տատիկին բոլորը Աբա (Մեծ մայր) կը կանչեն:

Ծնած է 1910 թուականին, Կարսի Նախիջեւանի մէջ, հինգ տարեկանին ծնողքին, եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ բռնած է գաղթի ճամբան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «թուրքը մեզի լազաթ ու համ պիտի չտար», կ՛ըսէ ան:

Արփաչայը, Ախուրեան գետը անցած են նաւակով մը, հարազատներուն մէկ մասը գարնանային վարարած ջուրերուն մէջ մնացած են: Ինքը ծնողքին հետ կորսնցուցած հայրենիքին մօտ ապաստան գտած է, որ յարմար առիթին ետ վերադառնան․  «Ջուրէն որ անցանք, գացինք Մանթաշ»:

Թոռնիկ Մարկոսեանը Աբայի փոքր որդին է: Ինքն ալ, կինն ալ կ՛ըսեն, որ տատիկը իր ապրած 109 տարիներէն երջանիկ կը համարէ միայն կեանքին առաջին հինգ տարիները, երբ դեռ Կարս էր, «իրենց կանաչ գիւղը»: Յետոյ միայն չարչարուած է․  «Երբ լաւը տեսած եմ, որ յիշեմ, բալայ ջան», կ՛ըսէ ան:

Գոյնայ տատիկի ծնողները այստեղ մահացած են, երբ ինքը դեռ մանուկ եղած է։ Գաղթի տանջանքներուն ալ գումարուած է որբութիւնն ու հօրեղբօր անյաջող կնոջ վերաբերմունքը․ իրեն 13 տարեկանին ամուսնացուցած են, որովհետեւ «աւելի հաց» կ՛ուտէր․  «Տարտերս մի յիշեցնէք», կ՛ըսէ ան:

«Հայրս ալ որբանոց եղած է: Իմ պապս գացած որբանոցէն գտած է իր երեխաները, Լենինականի մէջ»,  կը պատմէ Թոռնիկը:

Գոյնայի ամուսինը նոյնպէս նախիջեւանցի էր` հայրենակից ու բախտակից Վարդգէս Մարկոսեանը: Միասին տեղափոխուած են Թաթուլ գիւղ: Գոյնան հինգ երեխայ մեծցուցած է, անընդհատ աշխատած` բուրդ մանած, աթար պատրաստած, անասուն պահած: Յետոյ ալ մեծցուցած է իր բոլոր թոռները, ծոռները, թոռան թոռները: Տասներեք թոռի թոռ ունի:

Հիմա Աբան անոնցմէ միայն ջերմութիւն կը ստանայ եւ չի զարմանար․  «Շատ, շատ լաւ կը պահեն զիս, իրենց փոխը ետ կու տան»:

Բայց Աբային որքան ալ գուրգուրան, անցեալի ցաւերը չի կրնար մոռնալ: Երբ կը լսէ ամուսինին մասին կը խօսին, արագ կը միջամտէ` ամուսին ալ իրեն չէ ուրախացուցած․  «Ոչ բախտ ունեցած եմ, բալայ ջան, ոչ բախտընկերէն բան հասկցած»: 

Տնեցիները կ՛ըսեն, որ հանգուցեալը լաւ մարդ եղած է, բայց որբ մեծացած Աբան միշտ աւելին ուզած է: Հիմա ալ` 109 տարեկանին, այնքան մանկացած է, որ իր չվայելած հայր-մայր-քոյրերը կ՛ուզէ:

Գոյնայ տատիկը սրտէն բացի, ցաւող ուրիշ տեղ չունի: Կը քնանայ օրը ուղիղ 22 ժամ: Կեանքի միակ քաղցրութիւնը մնացած է պաղպաղակը: