Հայուհի Մըն է Թուրքիոյ Առաջին Կին Բժիշկը


Ա․ Ապտալեան


Թուրքը մեզի կը պարտի բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ իրագործումներու, որոնք բնաւ պիտի չկատարուէին, եթէ հայորդիներ իրենց աւիւնն ու գիտութիւնը չներդրէին։ Օրինակները բազմաթիւ են եւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք պոլսահայ գաղութին առաւել ձեւաւորումն ու ապա յաջորդող դարերուն պոլսահայութեան բերած նպաստը տակաւին կը սպասէ առարկայական խոր ուսումնասիրութիւններու, որպէսզի լոյս աշխարհ բերուին այն ջրտուքը, զոր հայորդիներ կատարեցին օսմանեան անջրդի դաշտերուն՝ զանոնք արուեստի բերրի եւ ապրող օրկաններու վերածելով։

Ճարտարապետութեան, երգի ու երաժշտութեան, գիտութեան, թատրոնի, կերպարուեստի, կիրառական արուեստներու, լեզուագիտութեան եւ այլ բնագաւառներուն մէջ պոլսահայութեան բերած նպաստը անուրանալի է, հակառակ անոր որ թուրքը միշտ կը փորձէ քողարկել ու թաքցնել հայուն ինքնութիւնը։

Նման պարագայ է Ակոբ Տիլաչարը։ Լեզուագէտ, համալսարաններու դասախօս Յակոբ Մարթայեան՝ Պոլիս ծնած եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած լեզուաբանութեան։ Աթաթուրքի կողմէ հրաւիրուած է Սեպտեմբեր 22,1932ին Տոլմապահչէ սքանչելի պալատին մէջ կազմակերպուած թրքերէնի նուիրուած առաջին համաժողովին, պոլսահայ երկու այլ լեզուաբաններու՝ Ստեփան Կուրտիկեանի եւ Գէորգ Սիմքէշեանի հետ։ Ի դէպ, Տոլմապահչէ պալատն ալ կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն նշանաւոր ճարտարապետներէն՝ հայր ու որդի Կարապետ եւ Նիկողոս Պալեաններու կողմէ։

Այլ առիթով մը, կ՛անդրադառնանք Տիլաչարի ծաւալած գործունէութեան։ Նաեւ՝ երկու հայորդիներու՝ Համբարձում Լիմոնճեանի եւ Էտկար Մանաշի բերած չափազանց կարեւոր ներդրումներուն Թուրքիոյ երաժշտութեան եւ երգի բնագաւառներուն մէջ։

Հիմա դառնանք մեր նիւթին։

Թրքական համայնագիտական թէ կենսագրական հրատարակութիւններու մէջ կատարուած է ձախող փորձ մը՝ տոքթ. ՍաՖիէ Ալի Քրէքէլէրը ներկայացնելու Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը, որ 1921ին Գերմանիոյ Վիւրցարկ քաղաքին բժշկական համալսարանէն վկայուելով՝ վերադարձած է Թուրքիա եւ իբրեւ բժիշկ գործած է։ Այս տեղեկութիւնները ճիշդ են։ ՍաՖիէ Ալի Քրեքէլէր Թուրքիոյ առաջին ԹՈՒՐՔ բժշկուհին է։Բայց ոչ առաջին կին բժիշկը։Այս պարագան պէտք է շեշտել եւ իրականութիւնները բացայայտել։

Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանն է։ Ատափազար ծնած այս հայուհին դուստրն է նշանաւոր բժիշկ Սերովբէ Գաւալճեանի, որ 1875ին Պոսթընի համալսարանի բժշկական հիմնարկէն վկայուած է եւ Ատափազար վերադառնալով՝ սկսած է գործել իր անձնական դարմանատան մէջ։ Զարուհի ծնած է երկու տարի ետք՝ 1877ին, ապա 1898ին Ատափազարի Աղջկանց Ամերիկեան քոլէճը աւարտելով, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ Իլինոյի համալսարանէն (Շիքակօ) վկայուած է իբրեւ բժիշկ, 1903ին՝ ունենալով իր արձանագրութիւնը։«Kavaljian Zarouhi Serope.M.D.Adapazar,Turkey»։

Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան տարի մը ետք՝ 1904ին վերադարձաւ Ատափազար եւ որովհետեւ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի բռնակալութեան շրջանն էր, միայն օտարահպատակ կիներուն արտօրուած էր բժշկութիւն կիրառելու։Ուստի, տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան ծառայեց իբրեւ օգնական իր հօրը, ինչպէս նաեւ սկսաւ կենսաբանութիւն դասաւանդել տեղւոյն ամերիկեան քոլէճին մէջ։

Երբ 1921ին Ատափազարի Աղջկանց Ամերիկեան քոլէճը Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը փոխադրուեցաւ, տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան եւս փոխադրուեցաւ Պոլիս եւ մինչեւ իր մահը՝ 10 Յունիս 1969, ապրեցաւ Պոլսոյ մէջ եւ գործեց Սկիւտարի մէջ, տոքթ. Գաւալ անունով, որովհետեւ 1939ին Պոլսահայութեան պարտադրուեցաւ փոխել իրենց հայկական մականունները՝ ինքնութեան նենգափոխութեան թրքական բացայայտ ծրագրի մը հիմամբ։

Այժմ տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի շիրիմը կը գտնուի Ֆերիքէօյի Հայ Բողոքականներու Գերեզմանատան մէջ։

Ասիկա համառօտ տեղեկութիւններու ներկայացում մըն է։

Եզրակացութիւն։ Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը հայուհի մըն է եւ անունն է տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան։