Հայրենադարձ Երիտասարդները 3500ամեայ Հայկական Աւանդութեամբ Կօշիկ Կ՛արտադրեն


ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին մէջ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ երկու հայրենադարձ երիտասարդներ կօշիկի արտադրութիւն հիմնած են։ Անոնց ապրանքանիշին անունն է Areni 1, որ  կը մամրմնաւորէ հայկական կօշկակարութեան հազարամեայ պատմութիւնն ու աւանդոյթներ։

Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Անոնք  կ՛ըսեն՝ մեր ապրանքանիշին պատմութիւնը աւելի քան 3500 տարուան պատմութիւն ունի:

Հայրենադարձներ Քոլ Թաշճեանն ու Արմէն Մարտիրոսեանը Հայաստան եկան «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան կամաւորական ծրագիրներուն շնորհիւ, որոշեցին մնալ Հայաստան ու հիմնել իրենց սեփական գործը, սակայն մէկ պայմանով, որ անիկա պիտի ըլլայ եզակի ու աշխարհին ներկայացնէ Հայաստանը:

Այդպէս հիմնուեցաւ Areni 1 ապրանքանիշը, որ կը մարմնաւորէ հայկական կօշկակարութեան հազարամեայ պատմութիւնն ու աւանդոյթները, անոնք կը համադրեն արդիական պահաջներն ու ներկայ նորաձեւութեան միտումները՝ աշխարհին առաջարկելով իւրօրինակ, յարմարաւէտ ու բացառապէս ձեռքի աշխատանքով ստեղծուած հայկական կօշիկը:

Քոլն ու Արմէնը Յուլիս 10-ին) Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ այցելեցին, հանդիպեցան Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին եւ գրասենեակի ղեկավար Սառա Անջարգոլեանին: Պատմեցին իրենց յաջողութեան պատմութիւնը: Իտալական կաշիէն, յատուկ բարձրակարգ տակացուներէ ու բնական մաքուր նիւթերէ պատրաստուած հայկական կօշիկը արդէն իսկ անվճար առաքումով հասանելի է Հիւսիսային Ամենրիկայէն մինչեւ Եւրոպա:

Ան ընդգծուած ճաշակ, յատուկ ոճ եւ լաւագոյնը գնահատել կարողութիւն ունեցողներու համար է: Այժմ Երեւանի մէջ 40 փորձառու վարպետներ կը համադրեն կօշկակարութեան հայկական աւանդոյթներն ու ժամանակակիցը՝ նպատակ ունենալով Հայաստանի այցեքարտերէն մէկը դարձնել նաեւ հայրենադարձ Քոլի ու Արմէնի Areni 1-ը: Երիտասարդները կը նշեն՝ Խորհրդային Միութեան տարիներուն եւս Հայաստանը կօշիկի արտադրութեան մեծ ծաւալներ ունեցած է, արտահանման նպատակով տարեկան արտադրուած է աւելի քան 30 միլիոն զոյգ կօշիկ, եւ անոնք այսօր հպարտութեամբ կը շարունակեն այդ պատմութիւնը: Կ՛ըսեն՝ մենք պատասխանատու ենք մեր պատրաստած իւրաքանչիւր կօշիկի համար»: