Հայրենիքի Մէջ Ապրիլը Միշտ Մեր Ցանկութիւնը Եղած է. Պարսկահայ Ընտանիքը Հայաստանի Մէջ


Աննա Գզիրեան


«Արմենփրես»,- Պարսկահայ Արբի Պաղտասարեանը իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ Հայաստան տեղափոխուած է ամառը: Ան ծնած ու մեծցած է Պարսկաստան, Ռաշտ քաղաքին մէջ: Այնտեղ ընտանեկան գործ ունեցած են, աշխատած են իրենց խանութին մէջ: Ամուսնանալէն տարիներ ետք, երբ առաջին զաւակը դպրոցի տարիքին կը մօտենար, որոշեցած են տեղափոխուիլ Թեհրան, որպէսզի ան կարենայ հայկական դպրոց յաճախել:

«Այդ ժամանակ 32 տարեկան էի:  Եկանք Թեհրան, ուր ես թաքսիի վարորդ կ՛աշխատէի: Ռաշտ քաղաքի մեր խանութը տուինք վարձակալութեան: Տարիներ շարունակ կը մտածէինք Հայաստան տեղափոխուելու մասին, սակայն դեռ չէինք շտապեր վերջնական որոշում կայացնելու», կ՛ըսէ Արբին:

Թէեւ ապրած են Իրան, սակայն Հայրենիքի հետ կապը եղած է, յատկապէս վերջին 10 տարուան ընթացքին: Ան կը պատմէ, որ Հայաստանի մէջ բարեկամներ ունէին, որոնցմէ մէկն ալ դարձաւ իր երեխային կնքահայրը:

«Տարիներ առաջ եկանք Հայաստան եւ երեխայիս մկրտութիւնը կատարեցինք Էջմիածինի մէջ: Ատկէ ետք ես սկսայ աւելի յաճախ գալու Հայաստան: Կապը կը շարունակէի պահել, եւ ժամանակի ընթացքին կը հասուննար Հայրենիք տեղափոխուելու միտքը», կը պատմէ ան:

Հայաստանի մէջ ընթացիկ տարուայ գարնան տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ ընտանիքի որոշման վրայ: Որոշուեցաւ, առիթէն օգտուելով, տարիներու երազանքը իրագործել ու տեղափոխուիլ Երեւան: Քանի որ Պաղտասարեաններու ընտանիքի արդէն երկրորդ զաւակը դպրոցական տարիքին մօտ էր, հետեւաբար, լաւ առիթ էր կրթութիւն ստանալը սկսիլ Հայրենիքի մէջ:

Ամրան երկրորդ կիսուն Պաղտասարեաններու ընտանիքը վերջնականապէս տեղափոխուեցաւ Երեւան: Առաջին խնդիրը, որ լուծած են, երեխաները դպրոց տեղաւորելը եղած է, շատ արագ լուծուած է:

«Երեխաներս մեծ հաճոյքով այստեղ դպրոց կ՛երթան: Փոքր աղջիկս, երբ առաջին դասարան գնաց, շատ արագ յարմարեցաւ, հիմա իրեն լաւ կը զգայ։ Մեծ աղջկաս համար քիչ մը բարդ է ռուսերէնը, սակայն ատիկա ալ ժամանակի ընթացքին կը յաղթահարուի»,- կ՛ըսէ ան:

Թէեւ ընտանիքը գրեթէ 3 ամիսէ Հայաստան կը գտնուի, սակայն Արբի Պաղտասարեանը դեռ աշխատանք չունի: Դժուարութիւնները իրենց խօսքը կ՛ըսեն, աշխատատեղերը քիչ են, եղածներուն վարձատրութիւնն այն չէ, ատկէ բացի բարդութիւններ կան դրամատուներէն վարկ վերցնելու գործընթացի հետ կապուած, բնակարաններու վարձավճարներն ալ թանկ են: Հակառակ դժուարութիւններուն` Արբին յառաջիկային պիտի տայ իր փոքր գործին մեկնարկը: Ընկերոջ հետ գործի պիտի սկիսի արագ սպասարկման սնունդի խանութին մէջ: Յուսով է, որ սկսած գործը յաջող ընթացք կ’ունենայ:

Արբին կը նկատէ, որ ճիշդ կ՛ըլլար, եթէ պետական մակարդակով հայրենադարձներուն աջակցութիւն ցուցաբերուէր: Կան ընտանիքներ, որոնք այլ երկիր բնակելով, կ՛ունենան ֆինանսական կայուն վիճակ, հետեւաբար, ըստ անոր, Հայաստան տեղափոխուելով, իրենց համար խնդիր չէ սեփական ֆինանսական միջոցներով Հայրենիքի մէջ ինչ-որ գործ դնելը: Ատոնց կողքին կան ընտանիքներ, որոնք եւս կը ցանկան գալ, բնակիլ Հայրենիք,  սակայն ֆինանսական կայուն վիճակ չունենալով ` խնդիրներու առջեւ կը կանգնին: Հետեւաբար, նման պարագաներու ճիշդ պիտի ըլլար, որ հայրենադարձներուն համար պետական մակարդակով աջակցութեան ծրագիրներ իրականացուէին:

«Մեր սրտի ցանկութիւնը եղած է Հայաստանի մէջ ապրիլը, մեր երեխաները հայկական միջավայրի մէջ մեծացնելը: Շատ ուրախ ենք, որ այստեղ ենք, տարիներու ընթացքին շատ փոփոխութիւններ կը նկատուին երկրին մէջ, ինչ որ ողջունելի է», կ՛աւելցնէ Արբի Բաղդասարեանը: