Ար­տա­գաղ­թին Պատ­ճա­ռով Հա­յաս­տա­նի Առ­նո­ւազն 17 Գիւ­ղե­րու Մէջ Ա­ռա­ջին Դա­սա­րան Չկայ


Սեպ­տեմ­բեր 1ին Հա­յաս­տա­նի առ­նո­ւազն 17 գիւ­ղե­րու դպրոց­նե­րուն մէջ ա­ռա­ջին դա­սա­րան չկար: Կարգ մը գիւ­ղե­րու մէջ ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ չկայ ա­ռա­ջին դա­սա­րան:

­Հայկական Ժամանակ թեր­թը կը ներ­կա­յաց­նէ ցան­կը այն գիւ­ղե­րուն, ուր ա­ռա­ջին դա­սա­րան չկայ.

Շի­րա­կի մար­զի 3 հա­մայնք՝ Ալ­վար, Թաւ­շուտ, Ա­նի-Կա­յա­րան: Նա­խորդ եր­կու տա­րի­նե­րուն ա­ռա­ջին դա­սա­րան չեն բա­ցո­ւած նաեւ Ա­ղո­ւո­րիկ, Շա­ղիկ, Ա­նի-Կա­յա­րան, Հով­տուն, Բան­դի­ւան, Հող­միկ գիւ­ղե­րուն մէջ:

Սիւ­նի­քի մար­զի 8 հա­մայնք՝ Ա­ղո­ւա­նի, Տան­ձա­ւեր, Տան­ձա­տափ, Նո­րա­ւան, Լծեն, Շի­կա­հող, Նո­րա­շէն, Տաշ­տուն: Նա­խորդ եր­կու տա­րի­նե­րուն ա­ռա­ջին դա­սա­րան չէ ե­ղած մար­զի ա­ւե­լի քան 15 շրջան­նե­րու մէջ:

Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի 5 հա­մայնք՝ Թլիկ, Ցա­մա­քա­սար, Դիան, Ա­րե­ւուտ, Ոս­կե­թաս:

Այս տա­րի ա­ռա­ջին դա­սա­րան չկայ նաեւ Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­յին Բա­րե­կա­մա­ւան գիւ­ղին մէջ:

Վերջին 10 տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցած է շուրջ 310 հա­զար մարդ, ա­մէն օր՝ 100 հո­գի…