Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան Ատենապետ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյի Հետ


Սեպտեմբեր 26ին, Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, Օթթաուայի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան ատենապետ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյի հետ:
 
Կողմերը մանրամասնօրէն քննարկեցին Վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի Երեւան կատարելիք յառաջիկայ այցելութիւնը եւ այս իմաստով Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնահերթութիւններն ու ակնկալիքները: Անոնք նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարեցին Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութեանց տարբեր ոլորտներու զարգացան հոլովոյթին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։
 
Նաեւ քննարկում եւ ծրագրաւորում տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ներկայ նստաշրջանի ընթացքին կատարուելիք խմբակցութեան աշխատաքներուն, ծրագիրներուն եւ Հայ Դատի այլ առաջնահերթութեանց վերաբերեալ:
 
Շաբթուան ընթացքին, վերոնշեալ հարցերու ուղղութեամբ, Հայ Դատի գրասենեակը նաեւ շարք մը այլ հանդիպումներ ունեցաւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: