Հայ Դատի Յանձնախումբի Անդամները Գանատայի Վարչապետ Թրուտոյին Իրազեկ Պահեցին Արցախի Հիմնահարցին Մասին


Փետրուար 10ին, Վանգուվըրի մէջ տեղի ունեցած Գանատայի Ազատական Կուսակցութեան նախընտրական հաւաքին՝ Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները առիթ ունեցան առանձնազրոյց մը ունենալու հաւաքին ներկայ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ։

Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետին անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ Հայաստանի հանդէպ իր ջերմ վերաբերմունքին համար, ինչպէս նաեւ խօսեցան Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին մասին, շեշտելով Արցախի հիմնահարցի գծով Գանատայի ժողովուրդի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Պատուիրակութիւնը նաեւ Հայ Դատի անունով հրաւէր ուղղեց վարչպետին այցելելու Արցախի Հանրապետութիւն։

Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահէ  Անտոնեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Բալիկ եւ Թիթառ Քօշքերեաններ։