Երեւանի եւ Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովը


Հոկտեմբեր 20-24-ին, Երեւանի, ապա Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, զոր կազմակերպած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի, լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան եւ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան հետ համատեղ:

Համաժողովին կը մասնակցէին 120 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկիրներէ: 8-րդ համահայկական համաժողովը նուիրուած էր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին՝ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով:

Համաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց․ «Հերթական անգամ համախմբուել ենք տեղեկատուական դաշտում առկայ առաջնահերթ խնդիրները քննարկելու եւ համագործակցութեան ոլորտներն ու հեռանկարները ուրուագծելու նպատակով։ Շարունակէ՛ք ձեր խօսքով համախմբել ողջ հայութեանը եւ գրիչ վերցնելիս միշտ յիշենք թէ ինչ էր սիրում ասել Թումանեանը՝ «Երեք բան երբեք չեն վերադառնում` արձակուած նետը, ասուած խօսքը եւ անցած օրերը»»:

Համաժողովի առաջին երկու նիստերուն քննարկուեցան ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը, ճգնաժամային պայմաններու մէջ համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերու ու լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները, ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ սփիւռքեան կառոյցներու համագործակցութեան ուղիները։

Նոյն օրը համաժողովի մասնակիցները առանձին հանդիպումներ ունեցան ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Բարձրաստիճան պաշտօնեաները պատասխանեցին սփիւռքահայ լրագրողներուն հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերու, որոնք կը վերաբերէին ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն, մեր երկրի տարբեր ոլորտներու մէջ նախատեսուող բարեփոխումներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան,ղարաբաղեան հիմնահարցին:

Հոկտեմբեր 21-ի առաւօտեան համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղիկներ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին, որմէ ետք շրջայց կատարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան հերոսամարտին, ապրիլեան պատերազմին զոհուած հայորդիներու շիրիմներուն:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ համաժողովի երրորդ եւ չորրորդ նիստերը, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը Հայաստանի պետականաշինութեան գործին մէջ, հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները։ Ապա առանձին նիստով մը Հայաստանի ռազմական փորձագէտներ ներկայացուցին արտակարգ իրավիճակներու մէջ տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները։

22-ի առաւօտեան համաժողվի մասնակիցները ուղեւորուեցան Արցախ, ուր երեկոյեան համդիպում մը ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշեց, որ համաժողովին քննարկուող թեմաները շատ կարեւոր են ու հրատապ` տեղեկատվական ոլորտը որակելով  մեր պետութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ոլորտ: «Ներկայ դրութեամբ տեղեկատուական ոլորտում աւանդական գերխնդիրների հետ մեկտեղ առաջ են գալիս նորանոր առաջադրանքներ ու անելիքներ: Այս ամէնը պահանջում է համապատասխան քաղաքականութեան իրականացում տեղեկատվական դաշտում, սերտ համագործակցութիւն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի լրագրողների ու լրատուական հատուածների միջեւ», ընդգծեց ան:

Հանդիպման ժամանակ նախագահը պատասխանեց լրագրողներուն կողմէ բարձրացուած տարբեր հարցերուն` ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, ԼՂՀ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մասին:

Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 23-ին գումարուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախատեսուած Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի հինգերորդ եւ վեցերորդ նիստերը, որոնց հիմնական բնաբաններն էին՝ «Հայկական սփիւռքի զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին» եւ «Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգին առնչուած խնդիրներու լուսաբանումը լրատուամիջոցներուն կողմէ»: Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցան քննարկումներ՝ ուղղուած Արցախի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրներուն, լրատուամիջոցներու միջեւ համագործակցութեան միջոցով լուծմներ գտնելուն: Համաժողովի օրակարգային հարցերէն էր նաեւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հայկական լրատուամիջոցներու աշխատանքներու քննարկումը:

Նիստերէն ետք ցուցադրուեցաւ լրագրող Նայիրի Հոխիկեանի «Արեւը ցեխով չես ծածկի» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որ կը պատմէ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ կատարուած Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ազգային ինքնութիւնը պահպանած աւելի քան 4,5 միլիոն հայերու մասին:

Համահայկական համաժողովի մասնակիցները նիստերէն ետք այցելեցին Արցախի առաջին գիծ` մօտէն ծանօթանալու սահմանի պահպանութեան հսկող զինուորներուն առօրեային: Անոնք զրուցեցին զինուորներուն հետ, գնահատեցին անոնց նուիրումը, ուժ եւ կորով ներշնչեցին իրենց կեանքին գնով սահմանը պահողներուն:

Ապա Տիգրանակերտի բերդին մէջ լրագրողները հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Լեւոն Մնացականեանի հետ, որ պատասխանեց լրագրողներուն բոլոր հարցումներուն՝ կապուած քառօրեայ պատերազմին եւ այսօրուան իրավիճակին մասին:

Համաժողովի վերջին օրը՝ Հոկտեմբեր 24-ին, Արցախէն վերադարձին լրագրողները հանդիպում մը ունեցան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Նախագահ Սարգսեան ողջունեց մայր հայրենիքի մէջ արդէն 8-րդ անգամ իրականացուող համաժողովը, որ նուիրուած է հայկական երկու Հանրապետութիւններու 25-րդ տարեդարձներուն: «Դուք մեծ ուժ էք, դուք ձեր գործունէութեամբ մեզ վստահութիւն եւ եռանդ էք տալիս, որպէսզի մենք կարողանանք ուժերի առաւելագոյն գործադրմամբ կատարել մեր պարտականութիւնները: Մենք մեր նախորդ հանդիպումներից մէկի ժամանակ խօսել ենք այն մասին, որ մեր տեսակէտից պէտք է առանձնացնել երկու կարեւոր հանգամանք. առաջին հանգամանքը այն լրատուամիջոցների եւ լրագրողների աշխատանքն է, որն ուղղուած է բուն հայկական համայնքին, այսինքն` հայապահպանութեանն ուղղուած աշխատանքը, եւ երկրորդ` տարբեր երկրներում աշխատող ազգութեամբ կամ արմատներով հայ լրագրողներին համախմբելն է: Եւ՛ առաջին, եւ՛ երկրորդ պարագայում չափազանց կարեւոր է, որպէսզի այս արագ փոփոխուող աշխարհում մենք կարողանանք գտնել աշխատանքի ճիշտ ձեւերը, կարողանանք պահպանել հետաքրքրութիւնն այն նիւթերի նկատմամբ, որոնց վրայ մենք աշխատում ենք, հրապարակում ենք եւ ցանկանում ենք դրանով ազդեցութիւն ունենալ այս կամ այն հարցի վրայ: Երկու պարագայում էլ, կարծում եմ, չափազանց կարեւոր է միշտ հաւատարիմ լինել լրագրողական բարեխղճութեանը», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Լրագրողներն ու լրատուամիջոցներու ղեկավարները հետաքրքրուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային հոլովոյթին մէջ հայկական կողմին մօտեցումներով ու դիրքորոշումով, Հայաստանի նոր սահմանադրութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք բարեփոխումներով, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ առկայ ներուժով, Հայաստանի տնտեսութեան մէջ օտար ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ իրականացուող պետական քաղաքականութեամբ եւ այլ հարցերով:

Շուտով կը հրապարակուի առաջարկներու հիման վրայ մշակուած համաժողովի եզրափակիչ յայտարարութիւնը։