Կա­խար­դա­կան Փայ­տի՞կ, Թէ՞ Ճի­պոտ


Կա­րօ Ար­մե­նեան


Նո­րան­շա­նակ վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան, իր կար­գին, կ­՛իւ­րաց­նէ իր եր­կու նա­խորդ­նե­րու հեր­թա­կան յի­շե­ցու­մը, թէ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը իր ձեռ­քե­րուն մէջ չու­նի «կա­խար­դա­կան փայ­տիկ», ո­րով կա­րե­նայ երկ­րի տնտե­սու­թեան հար­ցե­րուն ա­րագ լու­ծում­ներ բե­րել: Պարզ խօս­քով, հա­սա­րա­կու­թիւ­նը սկիզ­բէն իսկ կը զգու­շա­ցո­ւի, որ հրաշք­ներ պէտք չէ ակն­կա­լել նոր կա­ռա­վա­րու­թե­նէն, քա­նի որ հրա­շա­գործ­ներ չկան□ Կայ մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի ա­նել­նե­րուն մէջ բռնո­ւած մեր երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մար պէտք ե­ղած դար­ման­նե­րը, լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին, կրնան միայն դան­դաղ եւ աս­տի­ճա­նա­կան ըլ­լալ եւ պէտք է համ­բե­րել: Այս է պատ­գա­մը, որ ցարդ կը հնչէ վար­չա­պե­տին կող­մէ, եւ սխա՛լ­ է այս պատ­գա­մը:

Կաս­կած չկայ, որ ա­մէն կա­ռա­վա­րա­կան դահ­լիճ պէտք ու­նի ո­րոշ ժա­մա­նա­կի, որ­պէս­զի իր ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու օ­րա­կար­գը սկսի վե­րա­ծել աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծըն­թա­ցի եւ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­նե­րու: Վար­չա­պե­տը ու­նի՛ այդ տրա­մա­բա­նա­կան լու­սանց­քը` ա­ռանց նմա­նօ­րի­նակ հաս­տա­տում­ներ ը­նե­լու: Եւ կա­րի­քը չու­նի իր «թի­կուն­քը ա­պա­հո­վե­լու», երբ դեռ ո­չինչ դրո­ւած է սե­ղա­նի վրայ` որ­պէս ծրա­գիր եւ որ­պէս ա­ռա­ջադ­րու­թիւն: Մա­նա­ւանդ որ ան ու­նի ար­դիւ­նա­շատ գոր­ծի հաս­տա­տո­ւած վի­ճա­կա­ցոյց մը եւ վար­չա­գէտ մար­դու մեծ համ­բաւ: Ը­սել, որ իր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չու­նի «կա­խար­դա­կան փայ­տիկ», պար­զա­պէս հա­մա­զօր է ը­սե­լու, որ ինք եւս մաս կը կազ­մէ ցարդ գոր­ծող կա­ռա­վար­ման մշա­կոյ­թին եւ ի վի­ճա­կի չէ ո­րե­ւէ ար­մա­տա­կան տար­բե­րու­թիւն ա­ռա­ջար­կե­լու: Տար­բե­րու­թի՛ւն,  ո­րով իր վար­չա­կազ­մը փայ­լի, եւ ո­րուն վրայ մեր ժո­ղո­վուր­դը դնէ իր պատ­մա­կան գրա­ւը:

Ո՛չ, պրն. վար­չա­պե՛տ, ձեր ժա­մա­նա­կը պի­տի ըլ­լայ խի­զա­խու­մի ժա­մա­նակ մը մեր երկ­րին հա­մար: Ձեր օ­րա­կար­գը պի­տի ըլ­լայ «դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ»ու այն մեծ օ­րա­կար­գը, զոր պրն. նա­խա­գա­հը հան­գա­մա­նօ­րէն ճշդած է իր Փետ­րո­ւար 12ի յայ­տա­րա­րու­թեամբ: Այդ մեծ շրջա­դարձն է, որ խոս­տա­ցո­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դին, եւ այդ հանգ­րո­ւանն է, զոր դուք պի­տի նո­ւա­ճէք ան­յա­պաղ եւ ա­մէն գնով: Սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը այդ ընդ­հան­րա­կան պայ­մա­նա­գի՛րն­ է, որ նո­ւի­րա­գոր­ծե­ցին ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան քո­ւէով, եւ այդ չա­փա­նիշ­ներն են, որ հաս­տա­տո­ւած են մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ձե­զի եւ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար: Ա­նոնք ձեր ձեռ­քե­րուն մէջ դրած են այն հուժ­կու օ­րի­նա­կան ճի­պո­տը, ո­րով ձեր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեծ սկիզբ մը պի­տի դնէ մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի ան­դա­մա­հատ­ման գոր­ծին: Մեր տնտե­սու­թիւ­նը պէտք է ա­զա­տո­ւի այդ հա­մա­կար­գի ճի­րան­նե­րէն,  որ­պէս­զի դուք կա­րո­ղա­նաք ար­դա­րաց­նել ձեր վրայ դրո­ւած յոյ­սե­րը: Եւ այդ բա­նին հա­մար դուք ու­նիք հզօ­րա­գոյն այն «կա­խար­դա­կան փայ­տիկ»ը, որ մեր ժո­ղո­վուր­դէն ձե­զի տրո­ւած բա­ցա­ռիկ լիա­զօ­րու­թիւնն է` մեր երկ­րի կեան­քը փո­խե­լու եւ մեր եր­կի­րը ա­ռաջ­նոր­դե­լու դէ­պի լիի­րաւ եւ ար­դար ի­րա­ւա­կարգ: ԴՈՒՔ ԿՈ­ՉՈ­ՒԱԾ ԷՔ ԱՅԴ ՄԵԾ ԳՈՐ­ԾԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ ԵՒ ՈՉ` ԵՐԿ­ՐԻ ՏԵՂ­ՔԱՅ­ԼԸ Ա­ՊԱ­ՀՈ­ՎԵ­ԼՈՒ: Այդ մար­տահ­րա­ւէրն է, ո­րուն դուք եւ ձեր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը խի­զա­խօ­րէն պի­տի ըն­դա­ռա­ջէք եւ ճամ­բայ հա­նէք մեր երկ­րի տնտե­սու­թեան կեն­սա­կան տե­ղա­շար­ժը եւ սկսիք կա­սեց­նել աշ­խա­տու­ժի խու­ճա­պա­հար գաղ­թը: