Կառավարութիւնը Սուրիահայ Ուսանողներու Ուսման Վարձի Փոխհատուցման Համար Պիտի Յատկացնէ 20 Միլիոն Դրամ


Կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ ուսանող սուրիահայ ուսանողներու ուսման վարձը փոխհատուցելու համար պիտի յատկացնի 20 միլիոն դրամ: Որոշման նախագիծը ընդգրկուած է Կառավարութեան Հոկտեմբեր 27ի նիստի օրակարգին մէջ:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ 500 սուրիահայ ուսանողներէն ուսման վարձի կարիք ունին շուրջ 400ը: Ըստ նախագիծի հիﬓաւորման, ինչպէս նախկին տարիներուն, այս տարի նոյնպէս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը պատրաստ են սուրիահայ ուսանողներու 2016-2017 թուականներու ուսումնական տարուայ ուսման վարձերու մասնակի փոխհատուցման համար տրամադրել իւրաքանչիւրը 125 հազար տոլար:

Սակայն ուսման ամբողջ վարձի փոխհատուցման համար անհրաժեշտ է պետական պիւտճէէն յատկացնել եւս 20 միլիոն դրամ: Ըստ կառավարութեան` ուսման վարձի խնդրի լուծումը պէտք է շարունակել, քանի որ անիկա կը մնայ իբրեւ սուրիահայ ընտանիքներու, երիտասարդներու ընկերային, թերեւս, ամենահրատապ եւ շարունակական լուծում պահանջող հիմնահարցերէն մէկը: