Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան Գործունէութիւնը եւ Մասնակից Անդամներուն Գոհունակութիւնը


Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան անդամկից տիկինները համախմբուած ընկերակցութեան ատենապետ Սերոբ Վեսոյեանին շուրջ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


Օրհնուած է այն անձը, որ կ’անցնի իր կեանքի տարբեր հանգրուաններէն ու առողջ կեանք մը վայելելով կը հասնի հոն, ուր տարիներու կուտակած իր փորձառութիւնը պիտի փոխանցէ նոր սերունդին։ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստացած երէցը բախտաւոր կը համարուի, երբ իր շուրջը կ’ունենայ իրեն հասկցող եւ նոյն զգացումներն ու ապրումները ունեցող սերնդակից ընկերներ, որոնք կը համխմբուին ու հաճելի ժամանակներ կ’անցընեն միասին։ Ահաւասի՛կ, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան անդամակից մեր հայ երէցներուն բախտը ժպտացած է ու անոնք Հայ Կեդրոնի ջերմութիւնն ու հիւրընկալութիւնը կը վայելեն ամէն Երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 9–էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 2 եւ իրենց համախմբումին ընթացքին երջանիկ պահեր կը պարգեւեն իրարու ու դրական լիցքերով կը վերադառնան իրենց տուները։

Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան ատենապետ՝ Սերոբ Վեսոյեանին հետ ունեցած հետեւեալ հարցազրոյցիս ընթացքին մանրամասն տեղեկացայ երէցներուն տածած գործունէութեան ու անոր կարեւորութեան մասին.

-Ե՞րբ եւ ի՞նչ նպատակով հիմնուած է Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութիւնը եւ քանի՞ անդամներ կ’ընդգրկէ ան։

– 1989-ին հիմնուած Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան նպատակը եղած է համախմբել մեր երէց մայրերն ու հայրերը։ Անոնք իրենց տան մէջ երբեմնի առանձնութիւն զգալու փոխարէն, ամէն Երեքշաբթի, հոս կը հաւաքուին ու եկեղեցւոյ մէջ իրենց համար կատարուած ժամերգութեան կը մասնակցին, ապա՝ կ’անցնին սրահ կը զրուցեն, պինկօ կը խաղան, կը հիւրասիրուին, սուրճ կը խմեն եւ կը զուարճանան։ Փիլիսոփաները հետեւեալը կ’ըսեն. «Մէկ ժամուան ուրախութիւնը մէկ շաբաթուայ առողջութիւն կը պարգեւէ մարդուն», իսկ մենք հինգ ժամ շարունակ երջանիկ պահեր կ’ապրեցնենք մեր երէցներուն, որոնց բարձր տրամադրութիւնը կը հասնի իր գագաթնակէտին։

Ժամանկին 185 անդամներ ունէինք, ներկայիս 145 անդամներ ու կը փափաքինք աւելի մեծ թիւով անդամներ ունենալ։ Դիմած ենք Համազգայինին ու ՀՕՄ-ին, որպէսզի նոր մասնակից անդամներով աւելի ճոխացնենք մեր ընկերակցութեան թիւն ու գործունէութիւնը։

-Այս Ընկերակցութեան մաս կազմելը ի՞նչ կը պահանջէ։ Ո՞րոնք կրնան անդամակցիլ անոր։

– Յիսուն տարեկանը բոլորած հայորդիները կրնան անդամակցիլ մեր ընկերակցութեան։ Երբեմն շատեր բարկանալով կը մերժեն մասնակցիլ մեր ընկերակցութեան։ Անոնք կը կարծեն, թէ մեր ընկերակցութիւնը ծերերու ընկերկցութիւն մըն է։ Ծեր բառը կը նշանակէ տարիքը առած, անկողին ինկած` վատառողջ անձ մը, որ խնամքի պէտք ունի, մինչդեռ անոնք պէտք է գիտնան, որ երէցը՝ հասուն, գիտակից, փորձառու, արդարամիտ եւ ընկերասէր անձնաւորութիւնն է, որ բոլորին անդորրը կը պահէ։

-Երեցներու գործունէութեան մասին գաղափար մը կրնաք տալ հետաքրքրուողներուն։ Արդեօք ձեռնարկներ կամ տօնական ծրագիրներ կը կազմակերպէ՞ք իրենց համար։

– Գրեթէ հայկական բոլոր տօները եւ եկեղեցական տաղաւարները կը նշենք, օրինակ՝ Ամանոր, Ծնունդ, Զատիկ, Գոհաբանութեան օր, Մայիս 28, եւայլն։ Մայրերու եւ հայրերու  տօնին առթիւ քանի մը մայրեր ու հայրեր կը պատուենք ու անոնց կը նուիրենք ժամացոյց մը, որուն վրայ՝ «Անխոնջ եւ անսակարկ ծառայութեան համար» գրութիւնը գրուած է՝ ի պատիւ իրենց տարած աշխատանքին։ Տարեդարձներու պարագային՝ ե՛ւ կը նշենք մեր անդամներուն տարեդարձները, ե՛ւ մեխակ կը նուիրենք անոնց, իրենք ալ իրենց կարգին սրտաբուխ նուիրատուութիւն ու հիւրասիրութիւններ կ’ընեն մեր ընկերակցութեան։ Երբեմն պտոյտներ կը կազմակերպենք մեր երէցներուն։ Բոլորն ալ բարձր տրամադրութեամբ կը մասնակցին տուեալ պտոյտներուն։

Մենք բարերարութիւն ալ կ’ընենք։ Մեր երէցները ու անոնց հարազատները սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կ’ընեն մեր ընկերակցութեան ու մենք այդ հաւաքուած գումարը կը նուիրենք մեր հայկական կրթօճախին ու միութիւններուն։

Հաճելի ու մտերմիկ հարցազրոյցէն ետք, Պրն․ Սերոբին հետ ուղղուեցանք նախ տիկիններուն համախմբուած սրահը, ուր առիթը ունեցայ զրուցելու մեր քնքուշ երէցներուն հետ։ Երէց կանայք մեծ խանդավառութեամբ հիւրընկալեցին զիս ու իրենց հաճելի խօսքերով եւ օրհնութւններով լուսաւորեցին օրս։ Անոնցմէ Տիկին Բիլաւճեան ըսաւ. «Հակառակ իմ դժուար պարագաներուս ու ամուսնոյն հիւանդութեան, բնաւ չեմ հրաժարած 13 տարուան վարչական իմ գործունէութենէս։ Ուրախ պահեր կ’ապրիմ հոս ու ամէն Երեքշաբթի, առանց բացառութեան, ներկայ կ’ըլլամ այս համախմբումին»։ Իսկուհի Գրիգորեան, անցեալէն- ներկայ տանող իր անդամակցութեան ժամանակահատուածին մասին ըսաւ․ «Տարիներ առաջ ընկերուհիէս լսեցի այս ընկերկցութեան մասին ու սկսայ ներկայ ըլլալու հաւաքներուն։ 15 տարի շարունակ վարչական եղած եմ այս ընկերակցութեան մէջ։ Մենք՝ անդամներով, միշտ սիրով եղած ենք ու այդպէս ալ կը մնանք, որովհետեւ կ’ամբողջացնենք մեր ընկերկցութեան նպատակը, այն է՝ բոլորս մեծ սիրով ու համերաշխութեամբ համախմբել մէկ առաստաղի տակ»։ Ընկերակցութեան հաշուապահ Լուսին Քէպապճեան աւելցուց՝ «Բոլորին մէկիկ-մէկիկ կը ճանչնանք, մանաւանդ ես, որովհետեւ բոլոր առիթներուն անուանացանկը քովս կ’ըլլայ ու ես, որպէս պատասխանատու, անուն մականունով ներկայութիւն կ’առնեմ։ Երկա՜ր տարիներէ ի վեր ընկերուհիներ ենք, ինչպէ՞ս չճանչնանք»։

Տղամարդկանց համախմբուած սրահին մէջ նստած մտերմաբար կը զրուցէին երէցները։ Յովհաննէս Ֆէրմանեան քաջալերական խօսքերով դիմեց այն երէցներուն, որոնք չեն անդամակցած ընկերակցութեան եւ տունը նստած պիտի կարդան այս տողերը, ու ըսաւ. « Ես, որպէս վարչական, կոչ կ’ուղղեմ անոնց, որ մասնակից ըլլան մեր հաւաքներուն ու վստահ եմ, որ շատ գոհ պիտի մնան»։ Վերջին տարիներուն Ընկերակցութեան անդամակցած երէցներէն՝ Նշան Տէրտէրեանն ու Անթուան Փոշոյեանը ո՛չ միայն Երեքշաբթի օրերը, այլեւ ամէն օր կու գան ակումբ եւ անհամբեր կը սպասեն Երեքշաբթի օրերուն, որպէսզի իրենց ընկերներուն հետ զրուցեն ու ընկերակցութեան ատենապետ Սերոբին ներկայութիւնը վայելեն։

Այս յիշարժան օրը անմահացնելու միտումով խմբային նկարներու անհրաժեշտութիւնը պարտադիր եղաւ ու հրաժեշտի պահուն ես ալ երէցներու աշխոյժ խմբակին մաս կազմեցի ու յիշատակելի նկարին մէջ ուրախութեամբ յայտնուեցայ։

Տարիքը պարզապէս թիւ մըն է։ Այդ օրուան կենսուրախ, կեանքով լեցուն եւ հիւրընկալ երէցները շատ մը երտասարդներէ աւելի խանդավառ ու կայտառ էին։

Երիդասարդ երէցնե՛ր, մի՛ մոռնաք, բոլորդ ալ հրաւիրուած էք Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերկցութեան անդամակցելու։ Անոնց թեւաբաց սրտերը կը սպասեն բոլորիդ։

Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան անդամները համախմբուած ընկերակցութեան ատենապետ Սերոբ Վեսոյեանին եւ “Թորոնթոհայ” թերթի թղթակից Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանին շուրջ

 

Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան անդամներէն տիկնայք “Պինկօ” խաղի ժամանակ