Հայ Կեդրոնի Հաղորդագրութիւնը՝ Ընկերային Ծառայութեան եւ Կառավարական Նիւթական Օժանդակութեան Մասին


26 Մարտ 2020

Սիրելի Հայրենակից,

Ի հետեւումն մեր 19 Մարտ 2020 թուակիր հաղորդակցութեան, այսու կը յայտնենք, որ գաղութիս ամէնավտանգուած անդամներու կարիքներու ապահովումի աշխատանքները ընթացքի մէջ են:  Կը յիշեցնենք, որ եթէ 60 տարիքը բոլորած էք, անկարող էք կամ հիւանդ, եւ չունիք ընտանիքի անդամներ կամ բարեկամներ, որոնք կրնան ապահովել ձեր կարիքները, կը խնդրենք հեռաձայնել 416-491-2900 x3202 երկուշաբթիէն ուրբաթ, ժամը երեկոյեան ժամը 7:00-9:00 կամ գրել helpline@acctoronto.ca հասցէին:

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութիւն

Աշխատանքի ապահովագրութեան եւ նման այլ հարցերու համար, կարելի է հեռաձայնել գրասենեակ՝ (416)-495-0644 թիւին կամ գրել՝ ARSSocialServices@gmail.com հասցէին:

Կառավարական Նիւթական Օժանդակութիւն

Ինչպէս նախապէս փոխանցած էինք, կցուած գտէք Դաշնակցային եւ նահանգային Կառավարութիւններու օժանդակութեան տարբեր աղբիւրները (20200325_COVID-19_GovernemntSupport)`մինչեւ 25 Մարտ կատարուած յայտարարութիւններու հիման վրայ:

Սիրելիներ, ունինք անհատական եւ հաւաքական պարտականութիւններ` կանխարգիլելու համար COVID-19-ի տարածումը: Ձեռք ձեռքի տալով պիտի մնանք հոգատար, աշխուժ ու գործունեայ գաղութ եւ պիտի յաղթահարենք դժուարութիւնները:

Մնացէք լիայոյս, ապահով եւ առողջ:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն