Հալէպահայութեան Իրավիճակին Մասին Կը Պարզաբանէ ՍՇՕՎ Մարմինի Խօսնակ Մարիա Գաբրիէլեանը


Շուրջ 5 օրէ ի վեր Հալէպի մէջ դարձեալ ջուրի խնդիր յառաջացած է: Այս մասին այսօր լրագրողներուն յայտնած է Սուրիոյ մէջ գործող «Սուրիահայերու շտապ օգնութեան եւ վերականգնման» հասարակական կազմակերպութեան մամուլի խօսնակ Մարիա Գաբրիէլեանը: Անոր խօսքով` արդէն 4 ամիսէ քաղաքին մէջ չկայ նաեւ ելեկտրականութիւն, սակայն որոշ թաղամասերու մէջ բնակիչները տեղադրած են ելեկտրածին գերծիքներ, որոնց համար մեծ գումարներ կը վճարեն, որպէսզի օրական 10 ժամ ելեկտրականութիւն ունենան:

«Այսօր Հալէպի մէջ չկայ թաղամաս մը, որ ապահով է, վերջին շրջանին ամէնէն շատ ռմբակոծութեան ենթարկուեցաւ Հալէպի ամենահայաշատ` Նոր գիւղ թաղամասը», «Երկիր»ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան։

Գաբրիէլեան նշած է, որ ներկայիս Հալէպի մէջ կը գործէ 29 հայկական վարժարան, ուր կրթութիւնը անվճար է:

Անոր խօսքով` պատերազմէն ի վեր Հալէպի բնակչութեան 2/3ը դուրս եկած է քաղաքէն, ներկայիս այնտեղ կը գոյատեւէ ընդամէնը մարդոց 1/3ը: Ըստ բանախօսին` Սուրիայէն արտագաղթածներուն ամենամեծ հոսքը դէպի Գանատա է: Շատ են նաեւ եւրոպական երկիրներ, մասնաւորապէս` Շուէտ եւ Աւստրիա մեկնողները: Հայաստան տեղափոխուողներուն թիւը, ըստ անոր, գրեթէ հաւասար է Գանատա տեղափոխուողներու թիւին, սակայն շատ պարագաներու սուրիահայերը Հայաստան տեղափոխուելէ եւ այստեղ չյարմարուելէ ետք կը մեկնին Գանատա:

Անդրադառնալով հարցին, թէ այսօր կա՞ն մարդիկ, որոնք կը ցանկան գալ Հայաստան, Գաբրիէլեան պատասխանած է. «Կայ մարդոց զանգուած մը, որ հնարաւորութիւն ունի դուրս գալու, բայց կը շարունակէ մնալ, քանի որ կը կարծէ, որ իրենց տունը այնտեղ է: Կան նաեւ մարդիկ, որոնք ցանկութիւն ունին Հայաստան տեղափոխուելու, սակայն չունին հնարաւորութիւն, նման մարդոց ձեռք մեկնողներ կը գտնուին: Մեր նպատակը այսօր Սուրիայէն Հայաստան ներգաղթ կազմակերպելն է»:

Լիբանանեան «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, բնորոշելով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը, նշած է. «Այն ինչ այսօր տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ, 21րդ դարու աշխարհամարտի տեղայնացուած տարբերակն է, քանի որ Սուրիոյ խնդրին ամենաբարձր մակարդակով գերտերութիւնները խառնուած են, որ ալ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին մէջ տիրող անկայունութեան վրայ»:

Գանտահարեան դժուարացաւ որեւէ քաղաքական կանխատեսում ընելու: Ան միայն նշեց, որ այս վիճակը դեռ պիտի շարունակուի: