Հայաստանի Մէջ Արհեստավարժ Կառոյցի Մը Հաստատմամբ Սուրիահայ Գաղթականներու Համարկում


Ռաֆֆի Արտհալճեան


Armenianredwoodproject.org կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ Armenian Redwood Projectը Հայաստանի մէջ իր գործընկերներուն (Oxfam եւ Mission East) միջոցով պատրաստած է առաջին խումբը ընկերային ծառայողներու‚ որոնք յատուկ մարզուած են օժանդակելու համար Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն։

Մինչ սուրիական պատերազմը 2016ին կը շարունակէ մագլցում արձանագրել՝ Հայաստանի մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կը շրջանցեն մարդասիրական աւանդական միջոցները եւ կը ձեռնարկեն գաղթականներուն օգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նոր կեանք կառուցելու եւ համարկուելու։ Այս շաբաթ Երեւանի մէջ Oxfamի եւ Mission Eastի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն ծառայելու համար գործի կոչուած ընկերային ծառայողներու նոր խմբակ մը մասնագիտական մարզում ստացաւ սուրիացի գաղթականներուն բարդ կարիքներուն յարմարելու համար։

Նուիրեալ ընկերային ծառայութեան ծրագիրը մաս կը կազմէ աւելի համապարփակ վարձքի նպաստի օժանդակութեան ծրագիրի մը‚ որ ուղղուած է պայմանները լրացնող սուրիացի գաղթականներու‚ որոնք ապաստանած են Հայաստան‚ ինչպէս նաեւ արդիւնք է այն յանձնառութեան‚ որ Armenian Redwood Projectը ստանձնած է Փետրուար 2016ին Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գաղթականներու բարձրագոյն յանձնակատարութեան կողմէ կազմակերպուած Սուրիացի գաղթականներու խորհրդաժողովի ընթացքին։ Ընկերային ծառայողներու խմբակը նաեւ կը ներառէ պետական մարզէն եւ Հայաստանի Հայ օժանդակութեան միութենէն հիւր ներկայացուցիչներ։

 

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան‚ 2011ին հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր՝ աւելի քան 20 հազար սուրիահայ գաղթականներ ապաստանած են Հայաստան։ Գաղթականներու հասանելի բնակարաններու ապահովման հարցի պատշաճ լուծումը կը թուի Հայաստանի կառավարութեան կամ որեւէ առանձին կազմակերպութեան մը կարողութենէն վեր ըլլալ։ Մեկնելով այդ իրողութենէն՝ Armenian Redwood Projectը կը հաստատէր համագործակցական բեմահարթակ մը գաղթականներուն կենսական մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման համար։ Մասամբ իբրեւ սփիւռքեան նուիրատուներու եւ հիմնարկներու միջեւ դաշինք ծառայելով‚ եւ մասամբ իբրեւ միջազգային օժանդակութեան գործակալութեան գործընկեր՝ Armenian Redwood Projectի համախմբումին նպատակը օժանդակելն է‚ որպէսզի Հայաստան գտնուող սուրիահայ ընտանիքները ապահովեն եւ պահպանեն իրենց կեանքերը վերականգնելու եւ Հայաստանի հասարակութեան մէջ համարկուելու միջոցները։

2016ին‚ նախապէս խումբ մը ընկերային ծառայողներ մրցումի ճամբով մեծաթիւ դիմողներու մէջէն ընտրուեցան Oxfamի եւ Mission Eastի կողմէ‚ եւ իրենց կարողութիւնները առաւել եւս յղկելու համար մասնագիտական մարզումի ենթարկուեցան։ «Այդ ընկերային ծառայողներուն համար մարզումի եւ խորհրդակցութեան նիստեր եւ գործի վրայ մարզում պիտի յաջորդեն այդ մարզումներուն։ Ատոնք պիտի կատարուին տարբեր մասնագէտներու կողմէ‚ ըստ ընթացող գործնական աշխատանքի ընթացքին յառաջացող խնդիրներու եւ կարիքներու»‚ կ’ըսէ տոքթ. Եուլիանա Մելքումեան‚ որ մասնագիտացած է ընկերային ծառայողներու մարզումին մէջ։

Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղթականներուն տան այցելութեան եւ գրասենեակի մէջ խորհդրակցութեանց ճամբով անմիջական ծառայութիւններ տրամադրելու կողքին՝ ընկերային ծառայողները նաեւ պիտի կատարեն հսկողութեան‚ արժեւորման եւ տուեալներու հաւքման կարեւոր գործեր։ Մարզումի նիստներուն մէջ ներառուած պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի պետական օժանդակութեան համակարգէն տարրեր‚ որոնք տրամադրուած են Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մէկ ներկայացուցիչին կողմէ։ Իբրեւ հիւրընկալող երկիր՝ Հայաստան սուրիահայ գաղթականներուն եւ իր բնակչութեան թիւերուն համեմատութեան առումով կատարելապէս օրինակելի եղած է։

Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներու համարկումը դիւրացնելու համար կառոյցներու կառուցումն ու նոր կարողութեան յառաջացումը մաս կը կազմէ Armenian Redwood Projectի իր գործընկերներուն ու նուիրատուներուն հետ 2016ի համար նախատեսած իր ծրագիրին։

«Արդէն կը գործենք գործի վրայ կեդրոնացած վերլուծական կեդրոնի մը նման‚ երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի մէջ գաղթականներուն։ Ուզեցինք‚ որ սուրիացիներուն փորձառութիւնը 1990ական թուականներուն Պաքուէն եւ տակաւին երէկ Իրաքէն եկած գաղթականներու փորձառութենէն տարբեր ըլլայ։

«5ամեայ պատերազմէն ետք‚ Սիլօ նախաձեռնութիւնները ոչ բաւարար են։ Կարիքը ունինք‚ որ հայկական կազմակերպութիւնները գործակցին համագործակցական բեմահարթակի մը շուրջ‚ որպէսզի գաղթականներուն որակեալ ծառայութիւններ մատուցուին»‚ ըսաւ Armenian Redwood Projectի աւագ գործադիր պատասխանատու Ռաֆֆի Արտհալճեան։

«ՄԱԿի գաղթականներու բարձրագոյն յանձնակատարութեան կողքին‚ մեր համագործակցական համախմբումը գաղթականի կարքավիճակ ունեցող հարիւրաւոր ընտանիքներու կ’աջակցի վարձքերու յատկացումներու ճամփով եւ այժմ ընկերային մասնագիտացած ծառայութիւններուն՝ մարզ մը‚ որ Հայաստանի մէջ պատշաճ կերպով զարգացած չէ։ Ես անհամբեր կը սպասեմ Երեւան իմ յաջորդ այցելութեանս ընթացքին ջատագովելու կարեւորութիւնը Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ այսպիսի կառոյցի մը հաստատման»‚ կ’աւելցնէ Արտհալճեան։

Մինչ Հայաստան հակամարտութեան նախկին մարդասիրական հակազդեցութենէն կ’ուղղուի դէպի զարգացման նոր քաղաքականութիւններ՝ գործի ընթացքին մարզումը պիտի շարունակուն ընկերային ծառայողներու նոր խմբակին հետ՝ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու մասնագիտական հաստատութեան կարողութիւնը յառաջացնելու յոյսով։ Մինչ Սուրիոյ մէջ պատերազմը մուտք կը գործէ իր 6րդ տարին՝ ընկերային ծառայողներու նոր խմբակին մարզումը այդ ուղղութեամբ քայլ մըն է։

Armenian Redwood Projectը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր առատաձեռն նուիրատուներուն‚ Հայաստանի մէջ գործընկերներուն ու տարբեր մասնակիցներու՝ առանց որոնց այս արդիւնքներէն ոչ մէկը կարելի պիտի ըլլար։ 2016ի ծրագիրի նուիրատուներու շարքին են բարերարներ Ճերըլտ Թուրփանճեան‚ Քարոլին Մուկըար եւ Զաւէն Աքեան‚ ինչպէս նաեւ Կիւլպենկեան հիմնարկը‚ Ճինիշեանի յիշատակի հիմնարկը‚ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկեայի թեմը‚ Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնարկը‚ Դանիոյ առաքելութեան Արեւելեան Հայաստանի մասնաճիւղը‚ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտը‚ ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ծրագիրի գործընկեր Oxfam Armeniaն։