Հայոց Ցեղասպանութեան «Յիշատակի Պուրակ»Ի Բացման Հանդիսութիւն Մաքրամ Քաղաքին Մէջ


Մատաթ Բ. Մամուրեան


Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Օնաթրիոյի մարմինի կազմակերպած ձեռնարկները, որոնք տեղի ունեցան Յունուարէն Դեկտեմբեր 2015ի ընթացքին եւ շարունակուեցան նաեւ 2016 տարուան ընթացքին վերջ գտաւ Մարքամ քաղաքի «Յիշատակի Պուրակ»ի ծրագրի իրագործումով£ Նշան Աթիքեան, քաղաքապետարանի հանրային հարցերու յանձնախումբին հետ միասին, երկու տարի առաջ սկսած եւ գլխաւորած էր 100 ծառերէ բաղկացած պուրակի մը իրականացման աշխատանքները, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Սոյն ծրագրի յատակագիծը պատրաստած էր ճարտարապետ Հայկ Սէֆէրեան:

image-1-official-openningՍեպտեմբեր 10ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային ընդունելութիւն մը, որուն պատուոյ հիւրն էր Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի, որ իր քաջալերական խօսքը փոխանցեց սոյն նախաձեռնութեան համար: Հարիւրամեակի Թորոնթոյի մարմնի ատենապետ Գրիգոր Շիթիլեան ներկայացուց շինարարական աշխատանքներու գործընթացքը:

«Յիշատակի Պուրակ»ի բացումը տեղի ունեցաւ  Սեպտեմբեր 24ին, Մարքամի Ashton Meadows հանրային պարտէզին մէջ, ուր մէկ հեկտար հողամասին վրայ տնկուած էին 100 ծառեր:

Բացման արարողութեան ներկայ էին Մարքամի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, ՀՀ Թորոնթոյի պատուակալ հիւպատոս Պերճ Սվազլեան, 100ամեակի Գանատայի մարմինի ատենապետ Մհեր Գարագաշեան, Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի, հայ յարանուանութեանց հոգեւոր հովիւներ  եւ հայ հոծ հասարակութիւն մը: «Հորովել» հայկական նուագախումբը ներկայ բազմութեան հրամցուց հայկական երաժշտութիւն: Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄի փողերախումբին կատարողութեամբ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը մեր նահատակներուն:

100ամեակի Թորոնթոյի Մարմինին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տարօն Քէսքինեան, որ ըսաւ. «…Այս պուրակը մշտական յիշեցում է, որ մենք վերապրեցանք Եղեռնէն, պիտի գոյատեւենք եւ պիտի ջանանք յետագային կասեցնել նոր ցեղասպանութիւններ»:

14469428_1382120958482157_5808080380490255834_nԴեսպան Եգանեան շնորհաւորեց 100ամեակի Թորոնթոյի մարմինը իր տարած աշխատանքներուն համար, ինչպէս նաեւ թորոնթոհայերը իրենց բարոյական եւ նիւթական ներդրումին համար, շնորհակալութիւն յայտնեց Մարքամի քաղաքապետին եւ իր գործակից խորհրդատուներուն իրենց անվերապահ աջակցութեան համար եւ առ ի գնահատանք` դեսպանատան կողմէ շնորհաւորագիր մը յանձնեց քաղաքապետին:

Քաղաքապետը Սքարփիթի շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Արմէն Եգանեանին եւ թորոնթոհայ գաղութին` ծրագրի իրականացման համար: Ան յուշագիր մը յանձնեց «Յիշատակի Պուրակ»ի յանձնախումբի ատենապետ Նշան Աթիքեանին: Փունջ մը հայկական պարերով ելոյթ ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբը՝ պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի ղեկավարութեամբ:

Ազատական Կուսակցութեան երեսփոխան եւ Գանատա-Հայաստան բարեկամու-թեան մարմինի ատենապետ Արնըլտ Չան ընթերցեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի շնորհաւորական գիրը: Ընդդիմադիր Պահպանողական Կուսակցութեան երեսփոխան եւ հայ ազգի մօտիկ բարեկամ Պապ Սարոյա ընթերցեց կուսակցապետ Ռոնա Էմպրոզի շնորհաւորական գիրը: Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Քէթլին Ուինի շնորհաւորական գիրը ներկայացուցին երեսփոխաններ Տոքթ. Հելենա Ճազէք եւ Մայքըլ Չան:

Շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկակացուցիչ Մարիան Դաւիթեան, Մարքամի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ալըն Հօ£

100ամեակի Գանատայի մարմինի ատենապետ Մհեր Գարագաշեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Օնթարիոյի Մարմինը իր տարած աշխատանքներուն համար, ինչպէս նաեւ Մարքամի քաղաքապետն ու իր անձնակազմը եւ կոչ ըրաւ ներկաներուն բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու սոյն ձեռնարկին:

Ձեռամբ Ֆրանք Սքարփիթիի, դեսպան Արմէն Եգանեանի, Մհեր Գարագաշեանի, Գրիգոր Շիթիլեանի եւ Նշան Աթիքեանի, տեղի ունեցաւ պուրակի բացման ժապաւէնի հատումը, որմէ ետք ներկայ հոգեւորականներ Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի, Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի, Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեանի եւ Վեր. Ճօ Մաթոսեանի «Պահպանիչ»ով եւ «Տէրունական Աղօթք»ով վերջ գտաւ «Յիշատակի Պուրակ»ի բացման հանդիսութիւնը:

markham-forest-of-hope