Ճա­նա­չո­ղա­կան Բա­ցա­ռիկ Ճամ­բոր­դու­թիւն Դէ­պի Ի­րան


Յա­րութ Սա­սու­նեան


Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, Ար­ցա­խի, Չե­խիոյ, Ֆրան­սա­յի, Լի­բա­նա­նի, Սու­րիոյ եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 16 հայ այլ լրագ­րող­նե­րու հետ միա­սին ես եւս հրա­ւի­րո­ւած էի մաս­նակ­ցե­լու «Ա­լիք» օ­րա­թեր­թի 85ա­մեայ յո­բե­լեա­նին նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թեան: «Ա­լիք» լոյս կը տես­նէ Թեհ­րա­նի մէջ, 1931 թո­ւա­կա­նէն ի վեր:

Քա­նի որ սա իմ ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնս էր Ի­րան, ես ան­մի­ջա­պէս հասկ­ցայ, որ ա­սի­կա խիստ կը տար­բե­րի այն երկ­րէն, ո­րուն մա­սին ես լսած եւ կար­դա­ցած էի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Ի­րա­նը հին քա­ղա­քակր­թու­թիւն ու­նե­ցող կա­րե­ւոր եր­կիր է, որ յա­ճախ սխալ ըն­կա­լո­ւած է օ­տար­նե­րու կող­մէ:

Թեհ­րա­նը մի­լիո­նա­ւոր բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող մեծ քա­ղաք է, որ կը փոր­ձէ յաղ­թա­հա­րել խե­լա­յեղ եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը: Ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի կը բար­դաց­նեն տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր մո­թո­սիք­լեթ վա­րող­նե­րը, ո­րոնք մեծ ա­րա­գու­թեամբ եւ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կը սլա­նան ինք­նա­շարժ­նե­րու ա­րանք­նե­րով, մինչ հե­տիոտ­նե­րը կը նե­տո­ւին խիտ եր­թե­ւե­կու­թեան շար­քե­րու մի­ջեւ` անմ­տօ­րէն վտան­գե­լով ի­րենց կեան­քը: Ըստ էու­թեան, Ի­րան այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ւել վտան­գա­ւոր կող­մը ո՛չ ­վար­չա­կարգն է, ո՛չ­ ալ զի­նեալ­նե­րը, այլ` փո­ղո­ցի հա­սա­րակ հա­տու­մը□

Ես նաեւ բա­ցա­յայ­տե­ցի, որ ի­րան­ցի­նե­րը եւ ի­րա­նա­հա­յե­րը շատ հիւ­րըն­կալ, բա­րի եւ քա­ղա­քա­վար մար­դիկ են: Ա­նոնք ա­մէն ինչ կ­՛ը­նեն ամ­բող­ջո­վին ան­ծա­նօթ մար­դոց օգ­նե­լու հա­մար: Հա­յե­րը, իբ­րեւ քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն, կ­՛օգ­տո­ւին կրթու­թեան եւ պաշ­տա­մուն­քի լիա­կա­տար ա­զա­տու­թիւն­նե­րէն: Ա­նոնք ու­նին ի­րենց սե­փա­կան դպրոց­նե­րը եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ամ­բողջ երկ­րին մէջ: Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ թե­մեր կան Թեհ­րա­նի, Սպա­հա­նի եւ Թաւ­րի­զի մէջ:

Հայ հա­մայն­քի շքեղ կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան կեդ­րոնն է, որ կը նե­րա­ռէ քա­նի մը հեկ­տար մար­զա­կան շի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց շար­քին` ֆութ­պո­լի մար­զա­դաշտ, պաս­քեթ­պո­լի եւ թե­նի­սի մար­զա­դահ­լիճ­ներ, լո­ղա­ւա­զան­ներ եւ մա­տուռ մը` Թեհ­րա­նի ա­մէ­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ: Ի­րան մեր այ­ցը զու­գա­դի­պե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան 48րդ­ ա­մէ­նա­մեայ խա­ղե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին Ի­րա­նի տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րէն, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թե­նէն, Ար­ցա­խէն, Ջա­ւախ­քէն եւ Վրաս­տա­նէն ժա­մա­նած հայ սկաուտ­ներ եւ մար­զիկ­ներ: Յա­ջորդ օ­րը Ի­րա­նի մէջ Ազր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը պաշ­տօ­նա­կան բո­ղոք ներ­կա­յա­ցուց Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան` Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն մէջ Ար­ցա­խի մար­զիկ­նե­րու ընդգրկ­ման դէմ:

Ի­րա­նա­հա­յե­րը կա­մուր­ջի կեն­սա­կան դեր կը խա­ղան ի­րենց զոյգ հայ­րե­նիք­նե­րու` Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ: Հա­կա­ռակ Ազր­պէյ­ճա­նի բո­ղոք­նե­րուն եւ յա­մառ ջան­քե­րուն` խո­չըն­դո­տե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տա­կա­մօ­րէն կը պահ­պա­նէ հա­ւա­սա­րակ­շիռ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ եր­կու հա­րե­ւան պե­տու­թիւն­նե­րու հետ: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, Ի­րա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ հայ հա­մայն­քի մի­ջեւ մէկ այլ կա­րե­ւոր օ­ղակ է Ի­րա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան, բարձ­րա­կարգ եւ փոր­ձա­ռու դի­ւա­նա­գէտ Ար­տա­շէս Թու­մա­նեա­նը:

«Ա­լիք» թեր­թի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կազ­մած էր յա­գե­ցած ծրա­գիր` ժա­մա­նած լրագ­րող­նե­րուն հա­մար, նե­րա­ռե­լով այ­ցե­լու­թիւն­ներ` հայ­կա­կան դպրոց­ներ, հայ­կա­կան բու­ժա­րան, Գիւ­լիս­տա­նի պա­լատ, Թա­գա­ւո­րա­կան ոս­կեր­չա­կան թան­գա­րան եւ «Չար­մա­հալ» միու­թեան կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ «թոք-շօ»` հայ հա­մայն­քին հա­մար: Լրագ­րող­նե­րը նաեւ հան­դի­պում ու­նե­ցան Թեհ­րա­նի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան, Հայ մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան միու­թեան, ի­րա­նա­կան եր­կու մեծ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նա­կի, մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րի եւ Քա­ղա­քա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Այ­ցե­լու­նե­րուն ա­մէ­նու­րեք կ­՛ըն­դու­նէին մեծ ջեր­մու­թեամբ եւ յար­գան­քով□

Լրագ­րող­նե­րը նաեւ պա­տի­ւը ու­նե­ցան հան­դի­պե­լու Ի­րա­նի Մեճ­լի­սի (խորհր­դա­րան) եր­կու հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հետ, ո­րոնք ա­ռանց­քա­յին դեր կը խա­ղան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ հայ հա­մայն­քին մի­ջեւ:

Ան­ցեալ շա­բաթ ե­րե­կո­յեան լրագ­րող­նե­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Ա­լիք» թեր­թի 85ա­մեա­կի պաշ­տօ­նա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, ուր հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան ամ­պիո­նէն շնոր­հա­ւո­րե­լու թեր­թին` քա­նի մը սե­րունդ­ներ կրթե­լու եւ տե­ղե­կաց­նե­լու գոր­ծին մէջ ու­նե­ցած ե­զա­կի ձեռք­բե­րում­նե­րուն հա­մար, բան մը, որ ա­նոնք յա­ջո­ղած են ի­րա­կա­նաց­նել նո­ւի­րեալ խմբա­գիր­նե­րու, լրագ­րող­նե­րու, թեր­թի անձ­նա­կազ­մի, բա­րե­րար­նե­րու եւ տե­ղա­կան հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ:

Այ­ցե­լու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տը շրջա­գա­յու­թիւնն էր Սպա­հան եւ Թաւ­րիզ պատ­մա­կան քա­ղաք­ներ, նե­րա­ռեալ` յա­տուկ «ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն» դէ­պի Ս. Թա­դէոս (Թա­դէ) եւ Ս. Ստե­փա­նոս վան­քեր:

Ճամ­բոր­դու­թեան ա­ռա­ւել յու­զիչ պա­հը ու­ղե­ւո­րու­թիւնն էր` Ա­րաքս գե­տի հու­նով Ի­րա­նի եւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մի­ջեւ սահ­մա­նի եր­կայն­քով, որ նա­խա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէկ մասն էր, իսկ հի­մա ինք­նա­վար հան­րա­պե­տու­թիւն է Ազր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ: Լրագ­րող­նե­րէն շա­տե­րու աչ­քե­րուն ար­ցունք­ներ յայտ­նո­ւե­ցան, երբ ա­նոնք սահ­մա­նի միւս կող­մին վրայ կը դի­տէին դա­տարկ դաշ­տը, որ ժա­մա­նա­կին հնա­գոյն գե­րեզ­մա­նոց էր` հա­զա­րա­ւոր հայ­կա­կան խաչ­քա­րե­րով, զորս Ազր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դա­ժա­նօ­րէն ոչն­չա­ցու­ցած էին` ա­տով իսկ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ մարդ­կու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած ո­ճիր□

Հա­կա­ռակ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին դէ­պի այլ եր­կիր­ներ բազ­մա­թիւ ի­րա­նա­հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թին, հիմ­նա­կա­նին մէջ` Կլէն­տէյլ, Քա­լի­ֆոր­նիա, հա­մայն­քի զգա­լի մա­սը կառ­չած կը մնայ իր ար­մատ­նե­րուն` կրկնա­պատ­կե­լով իր ջան­քե­րը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կէ իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը իբ­րեւ կա­րե­ւոր կա­մուրջ Ի­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ: