Մահազդ


Խոր ցաւով իմացանք ընկեր Ռուբէն Յովսէփեանի անակնկալ մահուան գոյժը:

Ընկեր Ռուբէն Յովսէփեանի մահով, Հայրենիքի եւ արտերկրի աշխարհացրիւ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ ՀՅԴաշնակցութեան մեծ ընտանիքը մասնաւորաբար, կը կորսնցնեն լուսամիտ մտաւորական մը, հայ լեզուի եւ գրականութեան հսկայ մը, հաւատաւոր-ուղղամիտ ազգային նուիրեալ մը եւ տիպար երդուեալ խիզախ Դաշնակցական ընկեր մը բառին բովանդակ իմաստով։

Իր մահը մեծապէս կը յուզէ մեզ եւ յառաջիկային ալ վստահաբար, մեծապէս պիտի զգանք իր բացակայութիւնը։

Այս տխուր առիթով` յանուն Թորոնթոյի ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէին, Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի վարչութեան, Թորոնթոյի ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան, ՀՕՄի վարժարանի կրթական մարմնին, տնօրէնութեան եւ համայն աշակերտութեան ինչպէս նաեւ Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու խորազգաց ցաւակցութիւնները փոխանցելու՝  ՀՅԴ աշխարհացրիւ ընկեր-ընկերուհիներուն եւ համայն Յովսէփեան ընտանիքի  պարագաներուն։

Մենք կը հաւատանք, որ ընկեր Ռուբէնի ազնիւ հոգին անդենականին մէջ պիտի գտնէ իր արդարագոյն տեղը եւ իր թողած բազմաթիւ յիշատակներուն ընդմէջէն ան յաւերժօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ մեր բոլորին սրտերուն մէջ որպէս հայ լեզուի եւ գրականութեան գագաթ մը, խիզախ Դաշնակցական, տիպար մը, մտաւորական եւ ազնուասիրտ հայ մարդ մը:

« ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ»

ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէ

Թորոնթօ, Գանատա