Հայ Մամուլի Տարուան Նուիրուած Հայրապետական Կոնդակի Ընթերցում


2019 տարին Արամ Ա. կաթողիկոսը հռչակեց «Հայ Մամուլի Տարի»:

Կիրակի, Յունուար 12ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին պիտի ընթերցուի Արամ վեհափառին հայրապետական սրբատառ կոնդակը:

Կոնդակին մէջ կաթողիկոսը, շեշտելէ ետք հայ մամուլին կարեւորութիւնը՝ կոչ կ՛ուղղէ.

– Մեր թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն, մեր քոյր կազմակերպութիւններուն ու հայ մամուլի օրկաններուն՝ հանդիսութիւններու, սեմինարներու, համագումարներու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւններու ճամբով, լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

– Հայաստանի մէջ պետական, իսկ Սփիւռքի մէջ համայնքային պատասխանատուներուն, գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնելու հայ մամուլին՝ շեշտելով անոր վիճակուած բազմակողմանի դերը:

– Մեր ունեւոր ազգայիններուն՝ հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատուութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու՝ հայ մամուլին արդիականացման եւ ընդհանրապէս վերակազմակերպման սատարող ծրագիրներու իրագործման:

– Խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան եւ վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու, յատկապէս Սփիւռքի մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է նման նախաձեռնութեան դիմելու՝ գործակցութեամբ հայ մամուլի պատասխանատուներուն:

– Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ հեռու մնալու կայքէջերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան: